2016-01-26 14:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 26 յունուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, ընդունեց ու յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ­՝ Հասան Ռուհանիին։

Իրանի նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն ընկերացած էր Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին, ընդգծուեցան հասարակաց հոգեւոր արժէքները,  ընդհանուր անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան միջեւ գոյացած բարի յարաբերութեան, Իրանի մէջ Եկեղեցւոյ գործած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի՝ մարդու արժանապատուութեան եւ կրօնական ազատութեան ի սպաս գործ դրած ջանքերուն։

Սուրբ Աթոռի եւ Իրանի դիւանագէտներու միջեւ կայացած հանդիպումին՝ քննարկումի նիւթ հանդիսացաւ նաեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարի շուրջ կնքուած համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանի  եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու կարեւոր դերակատարութիւնը՝  միջին Արեւելքը խոցող հարցերու քաղաքական  լուծման ի շահ։ Հրամայական  նկատուեցաւ միջ-կրօնական երխօսութիւնը եւ կրօնական բոլոր հաստատութիւններու պատասխանատուութիւնը՝ երկրի եւ տարածաշրջանի համերաշխութեան, հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան գործընթացի ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.