2016-01-26 10:43:00

Յոբելինական հանդիսութիւն նուիրուած Կոմիտասի մահուան 80 ամեակին


«Կը Յի­շեմ եւ կը պա­հան­ջեմ» խո­րա­գի­րին տակ կա­րե­լի չէ զանց առ­նել հայ եր­գի փր­կի­չը` Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տը, որ ոչ թէ ֆի­զի­քա­պէս նա­հա­տակ­ուե­ցաւ, այլ հո­գե­պէս տան­ջա­հար հրա­ժեշտ տուաւ կեան­քին:

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի Սուր­իոյ Կեդ­րո­նա­կան Մարմ­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեա­նին` Առաջ­նորդ Բեր­իոյ Հա­յոց Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ հայ կա­թո­ղի­կէ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բին Կի­րա­կի, 17 Յուն­ուա­րի յետ­մի­ջօ­րէ­ին, «Աղա­ճան­եան» սրա­հէն ներս, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշ­ուե­ցաւ հայ ժո­ղովըր­դա­յին երաժշ­տու­թիւնը կոր­ծա­նու­մէ փր­կող Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի ութ­սու­նե­րորդ յո­բե­լի­նա­կա­նը:

Կո­մի­տա­սի բե­ղմ­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի չէր ամ­փո­փել վայրկ­եան­նե­րու կամ ժա­մե­րու մէջ: Ելոյ­թը սկ­սաւ բե­մա­վա­րութ­եամբ Սիւ­զի եւ Մե­ղե­դի Տա­տաղլ­եան­նե­րու. անոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի կեն­սագ­րա­կա­նը: Ելոյ­թի յայ­տա­գի­րին մէջ ազ­դե­ցիկ էին Կո­մի­տա­սի կեան­քէն քաղ­ուած կեն­դա­նի պատ­կեր­նե­րը:

Ելոյ­թի հիմ­նա­կան նպա­տակն էր լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել Կո­մի­տա­սի ցու­ցա­բե­րած սէ­րը հայ երաժշ­տու­թեան եւ եր­գին նկատ­մամբ, ապա նա­եւ անոր եզա­կի տա­ղանդ ու դե­րը հայ եր­գի ու երաժըշ­տու­թեան պան­ծաց­ման մէջ:

Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով մարմ­նա­ւո­րե­ցին Կո­մի­տա­սը որ­պէս հայ եր­գի դես­պան Պեր­լի­նի, Փա­րի­զի եւ Թիֆ­լի­սի մէջ, մի­ջազ­գա­յին ամպի­ոն­նե­րու վրայ իր տուած դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով: Դերա­կա­տար­ներն էին. Կո­մի­տաս Քհնյ. Տա­տաղլ­եան` Կո­մի­տա­սի դե­րով, Սար­գիս Փօ­լատ­եան` Ար­շակ Չո­պան­եա­նի դե­րով, Մար­տօ Տա­տաղլ­եան` Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նի դե­րով եւ Անի Մո­րան` Վա­րու­ժա­նի քրոջ դե­րով:

Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տը կա­րե­ւոր տեղ գրա­ւած է նա­եւ հայ գրա­կա­նու­թեան նշա­նա­ւոր դէմ­քե­րու գոր­ծե­րուն մէջ: Այդ գոր­ծե­րէն ըն­տիր գո­հար­ներ աս­մուն­քե­ցին Վե­հան Պար­սում­եան եւ Մե­լի­նէ Պէզճ­եան:

Հն­չեց Կո­մի­տա­սի մշա­կած «Արի եար ջան»ը եւ «Գառ­նի» պա­րա­խում­բի ան­դամ Արին Սէ­ֆէր­եան նա­զան­քով պա­րեց` հմա­յե­լով ներ­կա­նե­րը:

Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բին կող­քին, Տէր Կո­մի­տաս Քհնյ. Տա­տաղլ­եան մեծ աշ­խա­տանք տա­րած էր ձեռ­նար­կի ընդ­հա­նուր յայ­տա­գի­րի պատ­րաս­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ:

Հուսկ խօսք առաւ գե­րա­պայ­ծառ հայ­րը, որ շեշ­տեց, թէ Կո­մի­տա­սի մահ­ուամբ կա­րե­լի չէր ընդ­հա­տել Կո­մի­տաս­եան եր­թը ու ան շա­րու­նակ­ուե­ցաւ սե­րուն­դէ սե­րունդ: Վկա՛յ այս ելոյ­թը, որուն շնոր­հիւ հա­ղորդը­ւե­ցանք Կո­մի­տա­սի հոգի­ով ու շուն­չով` եր­գի, թատ­րո­նի եւ աս­մուն­քի մի­ջո­ցաւ: Գե­ռա­պայ­ծառ հայ­րը գնա­հա­տեց հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը, որ, հա­կա­ռակ տի­րող ծանր պայ­ման­նե­րուն, անն­կուն կամ­քով կը կառ­չի իր ար­ժէք­նե­րուն, ապա պահ­պա­նի­չով փա­կեց երե­կոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.