2016-01-26 09:51:00

Հասան Ռուհանի Վատիկանի մէջ – երկկողմանի յարաբերութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) երեքշաբթի 26 յունուար 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իրանի հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանիին։

Անցեալ 14 Յուլիսի 2015-ին, Ս. Աթոռը գոհունակութեամբ ողջունած էր Իրանի եւ աշխարհի 6 հզօր պետութիւններու միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը  իրանեան միջուկային յայտագրի մասի, մաղթանք յայտնելով որ այդ համաձայնագիրը արդիւնաբեր ըլլայ ու ընդլայնանայ այլ մարզերու։

Վերոնշեալ համաձայնագիրը արդիւնքն է 12 տարիներու բանակցութիւններուն ընդմէջ ԱՄՆի, ֆրանսայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Իրանի։

Իրանի նախագահի մը պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան տեղի ունեցած է 1999 յանձին նախագահ Մոհամմէտ Խաթամիի որ  հանդիպում ունեցած էր երջանկայիշատակ Սուրբ ՅՊԲ-ի հետ։  Ան Հռոմ վերադարձած էր ապա 2005-ին մասնակցելու ՅՊԲ-ի յուղարկաւորութեան կարգին։

Մոհամմէտ Խաթամի ապա հանդիպում ունեցած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին հետ ու միասին կոչ ուղղած էին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս։

Իսկ Պօղոս Զ Պապը առաջին Քահանայապետն է որ ոտք կոխած է Թեհրան 1970-ին, մինչ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէր դէպի Ասիա եւ Ովկիանիա, այդ առթիւ Ան մէկ ժամ խօսակցութիւն ունեցած է Իրանի Շահին հետ։

Յայտնենք, որ հակառակ իսլամական յեղափոխութեան (1979), Թեհրանի ու Ս. Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերը բնաւ չխզուեցան ։

Կարդինալ Թոռան` նախագահը միջ-կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին բազում անգամներ Թեհրան այցելած է ու խորհրդակցութիւններ ունեցած է Շիիթ պատասխանատու կրօնապետերու հետ։

Իրանը եւ Ս. Աթոռը գիտական համագործակցութիւններ կը մշակեն եւ անցեալ Յունուար 2015-ին միասնաբար կազմակերպեցին իսլամ-քրիստոնեայ աստղագիտական գիտաժողով մը։

Թեհրանի Քաղդէացի արքեպիսկոպոս Ռամզի Կարմու-ի գնահատումով Իրանի նախագահ  Ռուհանիի այցելութիւնը Վատիկան բարեբեր լուր մըն է։ ''Մաղթանքս է որ այդ այցելութեամբ ամրապնդուի համագործակցութիւնը Իրանի ու Վատիկանի միջեւ ու սատարէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հաստատումին'' ըսած է Գերապայծառ Կարմու ընդգծելով որ Իրանը դիւանագիտական կարեւոր դեր մը կրնայ խաղալ այս աշխարհամասին մէջ։

Ան յիշեցուցած է թէ իրանեան սահմանադրութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը։ ''Եկեղեցիներէն ներս կարող ենք ապրիլ մեր հաւատքը, սակայն Իրանի մէջ գոյութիւն չունի կրօնական ազատութիւն եւ այդ պատճառաւ մեր գործունէութիւնները սահմանափակ են։ Մեր յոյսն է որ իրավիճակը բարեփոխուի'' յայտնած է միշտ գերապայծառ Կարմու։    








All the contents on this site are copyrighted ©.