2016-01-25 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛եզրափակէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 25  Յունուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Խրուաթիայի` Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանը Տիար Նեվէն Փելիքարիչը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ, ապա  յաջորդաբար ընդունեց Ռումանիայի մօտ պապական նուիրակ  գերապայծառ Միկել Մաուրի Պուէնտիա, Պունրունտիի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ոյչյեք Զալուսքի ապա Արժանթինի Սալթա թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Մարիօ Անթոնիօ Քարնիելլօ, հուսկ` հրաժեշտի այցելութեան առթիւ, Սուրբ Աթոռի մօտ Ինդոնեզիայի դեսպան` Տիար Պուտիարման Պահարի որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նաեւ  Իտալիոյ Ֆիրենցէ քաղաքի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ճուզեփփէ Պեթորի։

Ժամը 11,45-ին Քլեմենթինա Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի ''Լոմպարտօ'' Քահանայապետական նորընծայարանի հասարակութեան մինչ յետմիջօրէի ժամը 5ը տասը անց Սրբազան Հայրը ինքնաշարժով կը մեկնի Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Պազիլիքա ուր, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ, կը գլխաւորէ ժամասացութեան համամիութենական արարողութիւնը փակումը կատարելով քրիստոնեաներու միութեան ութօրէքին,  որ սկիզբ առած էր անցեալ 18 Յունուարին եւ որուն այս տարուայ բնաբանն է ''կանչուած ենք հռչակելու Աստուծոյ գովաբանութիւնները''  քաղուած Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն (1Պետ.2,9)։








All the contents on this site are copyrighted ©.