2016-01-24 11:14:00

Շահան արքեպ. Սարգիսեան ''քրիստոնեաներս պէտք ենք ապրիլ ու մնալ Միջին Արեւելքին մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 22 Յունուար 2016-ին, Հռոմի S.Egidio հասարակութեան  եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ աղօթքի երեկոյ`քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ ծիրէն ներս։

Երեկոյեան ժամասացութեան աղօթքը գլխաւորեց Հալէպի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ` արհիապատիւ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։ Ան խօսելով Սուրիոյ ու մասնաւորապէս Հալէպի զինեալ ընդհարումի մասին` որ հինգ տարիէ կը գոյատեւէ ըսաւ. ողբերգութիւնը կը շարունակուի Հալէպի մէջ։ Հալէպ քաղաքը անճանաչելի եղած է, հոն կը տիրէ կործանումն ու աւերը։ Ներկայիս քաղաքը զրկուած է ջուրէն, ելեկտրականութենէն ու հաղորդակցութեան միջոցներէն։ Եւ հիմա որ պաղը հասաւ տառապանքը աւելցաւ։ Քաղաքը շրջապատուած է զանազան զինեալ ուժերէ­, որոնք իրարու դէմ պայքար կը մղեն։ Բնակիչները կարիքն ունի չորս տեսակ օգնութիւններու։ Առաջինը սնունդ, ապա առողջապահութիւն` քանի բազմաթիւ բժիշկներ գաղթած են։ Ռմբակոծումին աւարտին հարկաւոր է դուռ ու պատուհան վերահաստատել տուներու­, դպրոցներու եւ այլ բնակարաններու մէջ, իսկ չորրորդ կարիքը դաստիարակութիւնն է։ Ամէն ջանք կը թափենք պատանիներուն ուսում երաշխաւորելու համար հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։

Հալէպ քաղաքը ունի 11 քրիստոնեայ համայնքներ, նման կացութեան մէջ, որպէս քրիստոնեայ հասարակութիւն, սովոր ենք միասին ապրիլ։ Կը փորձարկենք համամիութենական եղբայրակցութիւնը եկեղեցիներու միջեւ­, ոչ միայն կղերական մակարդակի վրայ այլ և հաւատացեալներու միջեւ։ Նոյնը` նաեւ վիճակը որ կը գոյատեւէ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։

Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար հարկաւոր է որ Սուրիոյ բոլոր ներկայացուցիչները միատեղ համախմբուին ու պարտադրեն խաղաղութիւնը։ Բնականաբար ահաբեկիչները մերժուած են, չեն կրնար մասնակցիլ կլոր սեղանին։ Անոնք կրօնք չունին, մշակոյթ չունին, անոնք լոկ բռնութիւն են, զուրկ են մարդկային զգացումներէ։

Ահաբեկչութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ երկրէն։ Այդ ուղղութեամբ քրիստոնեաները կանչուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու երկրին վերաշինութեան։

Անձնապէս միմիայն առաջնորդ մը չեմ այլ և հաւատացեալ։ Ես կը հաւատամ որ Տէրը զիս կը պաշտպանէ` մեզ կը պաշտպանէ։ Ես խիզախ անհատ մը չեմ` այլ պատասխանատու անհատ մըն եմ, իմ ժողովուրդիս վրայ կը հսկեմ։ Նոյնիսկ եթէ ոմանք կը գաղթեն, մենք կը մնանք մեր ժողովուրդին հետ, քրիստոնեաներս պէտք ենք միասին ապրիլ ու մնալ Միջին Արեւելքին մէջ ու մեր վկայութիւնը տալ։

Մենք հայերս արիւնով վկայութիւն տուինք։ Տուինք վկայութիւնը ծառայութեան, վկայութիւնը մշակոյթի և լաւագոյնը կը կատարենք սպասելով որ օգնութիւնը հասնի Ամենակալէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.