2016-01-24 10:55:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն. Ա. կիրակի զկնի Առաջաւորի


Տիմոթէոս՝ քրիստոնէական վարդապետութիւնը ուսած էր Պօղոս Առաքեալէն եւ հետեւած էր առաքեալին՝ անոր ջանքերուն եւ հաւատքին մէջ, համբերութեան եւ սիրոյ մէջ, յարատեւութեամբ՝ հալածանքներու եւ տանջանքներու մէջ։ (հմմտ. Բ. Տիմ Գ. 10-11) Պօղոս Առաքեալ անոր կը յիշեցնէ՝ թէ «բոլոր անոնք, որոնք կʼուզեն Յիսուս Քրիստոսի հետ միութեամբ՝ բարեպաշտ կեանք ապրիլ, հալածանքներ պիտի կրեն։» (Բ. Տիմ Գ. 12)

Բոլոր քրիստոնեայ հաւատացեալները, որոնք մաքուր բարեպաշտութեամբ կʼուզեն ապրիլ, դիւրին կեանք մը պիտի չունենան։ Որովհետեւ, ինչպէս արդէն առաքեալի կենդանութեան ժամանակ, այսօր առաւել եւս քրիստոնեայ հաւատացեալը պէտք է դիմագրաւէ նեղութիւններ։ Միշտ պիտի ըլլան «մարդիկ, որոնք չար են, մոլորեալ եւ ուրիշները կը մոլորեցնեն ... մարդիկ, որոնք կը հակառակին ճշմարտութեան. որոնց մտքերը ապականած են. որոնց հաւատքը հաստատուն չէ։» (հմմտ. Բ. Տիմ Գ. 13)

Բարեպաշտ քրիստոնեան իր հաւատքը կʼապրի հաւատարմութեամբ։ Հաւատարմութիւնը կը փորձուի հալածանքներու մէջ։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը կոչուած է, կեանքի ամէն պարագայի, վկայ ըլլալու Աւետարանի ճշմարտութիւններուն։ Կոչուած է ապրիլ Յիսուսի վարդապետածը եւ օրինակ ըլլալ անձնական ապրումով, եւ խրատել՝ խօսքով։ Եթէ նկատի առնենք ներկայ ժամանակները, աշխարհի չորս կողմ, ըլլա՛յ այսպէս կոչուած քրիստոնեայ ինչպէս եւ ո՛չ քրիստոնեայ երկիրներու մէջ, հալածանքը՝ թաքուն կամ ակնյայտնի՝ կը կատարուի կատաղութեամբ։ Հալածանքը միայն սուրի սպառնալիքը չէ, այլ այն բոլոր չար եւ ապականեալ կեցուածքները, որոնք կʼուրանան եւ կը ծաղրեն հաւատքի ճշմարտութիւնները, որոնք միջոց չեն խնայեր մարդոց սրտէն կորզելու Աստուած եւ բարեպաշտութիւնը, որոնք կʼաշխատին ապականել ամբողջ մարդկութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրեթէ բոլոր քարոզներուն մէջ, Պօղոս Առաքեալի նման՝ մեզ արթնութեան կը կոչէ. մեզ կը զգուշացնէ պատուհասներէ, որոնք կը սպառնան ոչ միայն քրիստոնեաներու՝ այլ համայն մարդկութեան։ Պատուհասներ՝ մարդոց ձեռքով, որոնք, ինչպէս Առաքեալը կʼըսէ՝ անձնասէր են, ընչաքաղց, հպարտ, ամբարտաւան, չարամիտ, ծնողքի անհնազանդ, ապերախտ, անպատկառ, սիրազուրկ, անգութ, բանսարկու, անզուսպ, անողոք, կոպիտ, նենգամիտ, յոխորտ, ինքնահաւան, աւելի ցանկասէր՝ քան աստուածասէր։ (հմմտ Բ. Տիմ Գ. 1-4) Այս բոլորը պատճառ են հաւատքի կորուստին, ընտանիքներու քայքայումին, հասարակութիւններու գժտութիւններուն՝ որոնց տակ, լուռ կամ յայտնի, կը տառապին բիւրաւորներ։ Պատճառ են սովի եւ պատերազմներու, որոնք բիւրաւոր անմեղ կեանքեր կը խլեն։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը ի՞նչ կրնայ ընել այսքան չարիքի, այսպիսի սպառնալիքներու դիմաց։ Կʼապրինք այն գիտակցութեամբ՝ թէ մենք ոչինչ կրնանք ընել այս բոլոր չարիքին դիմաց. անկար ու անօգնական ենթարկուած այս երեւոյթներուն։ Մարդկային կեանքի բոլոր խաւերուն մէջ՝ տնտեսութեան, քաղաքականութեան, այսպէս կոչուած գիտական պրպտումներու եւ նոյնիսկ դաստիարակութեան մէջ, կʼուզեն զԱստուած դուրս դնել, կրօնքը հեռացնել, ճշմարտութիւն եւ սկզբունք հեգնել, գայթակղեցնելով նոյնիսկ անմեղ մանուկներ եւ երեխաներ, որուն համար Յիսուսի սպառնալիքը ահարկու է։

Պօղոս Առաքեալի յորդորը, ուղղուած Տիմոթէոսի, հետեւեալն է՝ «Դուն սակայն, հաստատուն մնացիր այն բաներուն մէջ, որ ուսար եւ որուն հաւատարիմ մնացիր։ Գիտես որմէ ուսար. որովհետեւ մանկութենէդ գիտես սուրբ Գրքերը, որոնք քեզի իմաստութիւն կը շնորհեն, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով փրկուիս։ Բոլոր աստուածաշունչ գրքերը օգտակար են վարդապետութեան, հերքումներու, ուղղութեան եւ ճշմարտութեան դաստիարակութեան համար։ Այսպէս՝ Աստուծոյ մարդը պատրաստ եւ հաստատուած պիտի ըլլայ բարի գործեր կատարելու։» (հմմտ Բ. Տիմ Գ. 14-17)

Քրիստոնեան անօգնական չէ, անկար չէ։ Աստուածաշունչը անոր ոյժն է եւ զօրութիւնը. հաւատարմութիւն, աղօթք եւ ընկերսիրութիւն՝ անոր զէնքերն են։ Որքան դաժան ու կատաղի ըլլայ չարը, հակակրօն եւ հակաքրիստոնէական կեցուածքը այս աշխարհի վրայ՝ այնքան աւելի քրիստոնեան պէտք է ապրի իր հաւատքը՝ գործնական եւ հետեւողական։








All the contents on this site are copyrighted ©.