2016-01-23 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Նոր ձեւեր որոնել հաղորդելու համար Աստուծոյ Ողորմութեան հրաշքը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հարկաւոր է նոր ձեւեր որոնել բոլորին հռչակելու համար Աստուծոյ Ողորմութեան հրաշքը''. Այս եղաւ յորդորը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ ուղղեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներուն, անոնց 112-րդ համահաւաք ժողովի առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ կղզեխումբի Սեպու քաղաքին մէջ։

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Քահանայապետի վերոնշեալ նամակը  կարդացուեցաւ Ֆիլիփինեան Կղզեխումբի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Փինթոյի կողմէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի ընդհանուր հաւաքի բացման սուրբ պատարագի ընթացքին։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ եկեղեցւոյ առաջնահերթ առաքելութեան այն է ''հռչակել Աստուծոյ մնայուն սէրը'' բոլոր մարդկանց հանդէպ. Ան ապա յոյս յայտնած է որ Ողորմութեան Յոբելեանը ըլլայ առիթ հայեացքը կեդրոնացնելու ողորմութեան վրայ որպէսզի ան դառնայ մեր կեանքին մէջ Հօր ներգործութեան զգալի ու արդիւնաւէտ նշան։

Ֆիլիփինեան Կղզեխումբի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի հաւաքին կեդրոնական առանցքը կը կազմէ '' Ամենասուրբ Հաղորդութեան 51-րդ գիտաժողովը'' որ տեղի կ՛ունենայ 25-31 Յունուար 2016 որպէս գլխաւոր նիւթ ունենալով ''Քրիստոս ձեր մէջ փառքի յոյս է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.