2016-01-22 12:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ 2016-ի պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Հաղորդակցութիւն եւ Ողորմութիւն. Պտղաբեր հանդիպում'' այս է Ֆրանչիսկոս պապին 2016 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ հրատարակած պատգամին նիւթը որուն  ներկայացումը տեղի ունեցաւ 22 յունուար 2016-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, եւ որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան Կառավարիչ` գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ, TV2000 իտալացի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հեռուստակայանի տնօրէն` Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի եւ Սանդ Անսելմօ Քահանայապետական ակադեմիայի դասատու` ՓրոՖ Մարինելլա Փերրոնի։

Պատգամը հրատարակուեցաւ 7 լեզուներով։։ Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 50-րդ օրը կը նշուի 8 Մայիսին։

Պատգամին մէջ  Սրբազան Քահանայապետը` Ողորմութեան Յոբելեանի առթիւ, խորհրդածութիւն մը կը ներկայացնէ` ողորմութեան եւ հաղորդակցութեան միջեւ կայացած կապի մասին եւ այս նիւթէն մեկնելով կ՛ընդգծէ  որ Եկեղեցին միացած Քրիստոսի` կանչուած է ապրելու ողորմութիւնը որպէս իր էութեան ու գործունէութեան յատկանիշ։

Սէրը արդարեւ հաղորդակցութիւն է։ Եւ երբ մեր սիրտը ու մեր ներգործութիւնները ոգեւորուած են գթութեամբ` Աստուածային սիրով, մեր հաղորդակցութիւնը կը դառնայ պատգամաբեր` Աստուծոյ զօրութեան։

Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ''կանչուած ենք, որպէս Աստուծոյ զաւակներ, հաղորդակցութեան մէջ մտնելու բոլորին հետ անխտիր։ Հաղորդակցութիւնը կարողութիւն ունի կամուրջներ կառուցելու, մարդոց, ընտանիքներուն, հասարակութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ, ըլլայ ֆիզիկական ըլլայ թուայնացուած միջավայրերու մէջ։

''Քրիստոնեային խօսքերը ըլլալու են առիթ հաղորդութեան աճումին։ Նոյնիսկ երբ ան չարը պէտք է դատապարտէ երբեք պէտք չէ հաղորդակցութեան կապը խզէ'' կը գրէ Քահանայապետը պատգամին մէջ ու կը հրաւիրէ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը վերագտնելու ողորմութեան զօրութիւնը ու վերակենդանացնելու վիրաւորուած յարաբերութիւնները եւ վերարծարծելու խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը` ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու մէջ։

''Ողորմութիւնը արդարեւ նոր ձեւ մըն է խօսելու ու զրուցելու եւ կարողութիւնը ունի հաշտութիւն հաստատելու մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ'' կ՛ընդգծէ Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնելով որ քաղաքականութեան ոճը եւս ներշնչուի ողորմութենէն։

Որքան կը ցանկայի որ մեր հաղորդակցութեան ոճը ու մեր Եկեղեցւոյ Հովիւներու սպասաւորութիւնը երբեք չ՛արտայայտեն թշնամիի մը դէմ յաղթականի ամբարտաւան հպարտութիւնը եւ ոչ ալ նուաստացնեն անոնք որոնք` աշխարհի մտածողութեան համաձայն, պարտուած ու անտեսուած են։ Ողորմութիւնը կարող է ջերմութիւն նուիրել անոնց որոնք միայն ցուրտի մէջ ապրած են։ Մենք չենք կրնար դատապարտել մեղաւոր անձը, որովհետեւ միայն Աստուած կարող է ներթափանցել անոր սրտին խորքը։ Մեր պարտականութիւնն է յանդիմանել ան որ կը սխալի, դատապարտել անարդարութիւնը եւ ազատագրել զոհերը ու վերականգնեցնել գետին ինկածը։ Յովհաննէս Աւետարանիչ մեզի կը յիշեցնէ ''Ճշմարտութիւնը կ՛ազատագրէ'' (Յովհ 8,32)։ Մեր պարտականութիւնն է հաստատել ճշմարտութիւնը` սիրով։

''Միայն սիրով արտայայտուած բառերը, ողորմութեան հետ միասին, կարող են դպչիլ մեր մեղաւոր սրտերուն'' կը գրէ Նորին Սրբութիւնը օրինակ բերելով Ընտանիքի մէջ ապրուած անվերապահ սիրոյ յարաբերութիւնները ու քաջալերելով որ նոյնը պատահի նաեւ մարդկային ընտանիքին մէջ ու շեշտելով  ''մտիկ ընելու'' կարեւորութիւնը։

Հաղորդակցիլ կը նշանակէ բաժնեկցիլ ու բաժնեկցութիւնը ունկնդրութիւն կը պահանջէ։ Մտիկ ընելը մօտիկութիւն է, թէեւ միշտ դիւրին չէ, որովհետեւ յաճախ աւելի հարմար է խուլ ձեւացնել մենք մեզ։ ''Մտիկ ընելը` շնորհքն մըն է, պարգեւ մըն է, որ պէտք ենք միշտ հայցել'' կը գրէ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ նաեւ ցանցային ու ընկերային նորոյթ հաղորդամիջոցները կարող են դառնալ լիապէս մարդկային հաղորդակցութիւն, որովհետեւ արդի արհեստագիտութիւնը չէ որ կը սահմանէ եթէ հաղորդակցութիւնը վաւերական է թէ ոչ` այլ մարդու սիրտը։ 

''Հաղորդակցութեան ցանցային միջոցները հրապարակ մըն են, հանդիպումի վայր, ուր կարելի է վէրքերը խնամել, վիճաբանիլ....Ցանցը կարելի է լաւապէս գործածել զարգացնելու համար առողջ ու բաժնեկցութեան բաց ընկերութիւն մը''  կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը իր պատգամին աւարտին նշելով թէ հաղորդակցութեան միջոցները Աստուածային պարգեւ մըն են ու միեւնոյն ժամանակ մեծ պատասխանատուութեան կը կարօտին։

Հաղորդակցութեան ու ողորմութեան միջեւ հանդիպումը կը դառնայ պտղաբեր այն չափով որ ան մօտիկութիւն կը յառաջացնէ։ Աշխարհի մը մէջ որ բաժնուած ու մասնատուած է, ողորմութեամբ հաղորդակցիլ կը նշանակէ սատարել բարի, ազատ ու զօրակից մօտիկութեան` Աստուծոյ զաւակներու միջեւ եւ եղբայրական մարդկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.