2016-01-22 09:29:00

Աստուածային պաշտամունքի ժողովի վաւերաթուղթը հայող ոտնլուայի արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Աստուածային պաշտամունքի ու ս﹒ խորհուրդներու մատակարարումի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Ռողերթ Սարա Վաւերաթուղթ մը հրատարակած է որուն մէջ կ՛ընդառաջէ   ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքին վերատեսելու ու բացայայտելու"In missa in cena Domini" այն կարգադրութիւնը ըստ որու Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Ոտն Լուայի արարողութեան մասնակցողները պէտք են ըլլալ ընտրուած այրեր կամ պատանիներ։

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ խնդրած է որ Ոտն Լուայի արարողութեան մասնակցողները ընտրուին ''Աստուծոյ ժողովուրդի անդամներէն (այրեր կամ կիներ) որոնք կը ներկայացնեն հաւատացեալներու բոլոր խաւերը առանց սեռի խտրականութեան։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ինքզինք զոհեց աշխարհի փրկութեան համար ու անոր սէրը անհուն է։ Աստուածային պաշտամունքի Ժողովը վաւերաթուղթին մէջ կը յիշեցնէ հովիւներուն որ իրենց պարտականութիւնն է հրաւիրել Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր անդամները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու ծիսական արարողութիւններուն։ Հետեւաբար Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ ծիսակատարութիւնը ֆրանչիսկոս Պապի կամքով վերապահուած չէ այրերու կամ պատանիներու այլ Աստուծոյ ժողովուրդի բոլոր անդամներուն` առանց սեռի խտրականութեան, այնպէս որ ոտնլուայի արարողութիւնը կրնան կատարել այրեր ու կիներ, անչափահասներ ու ծերեր, առողջներն ու հիւանդներ, դպիրներ, նուիրեալներ ու աշխարհականներ։ 

ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ 2 Ապրիլ 2015-ին` Հռոմի Ռեպիպիա գլխաւոր բանտին մէջ Ոտն Լուայի արարողութիւնը կատարեց 12 բանտարկեալներուն, որոնց մէջ կային 6 կիներ։ Վաւերաթուղթը հետեւաբար կը յստակացնէ Եկեղեցւոյ կամքը եւ կ՛ընդգծէ ֆրանչիսկոս Պապին ուշադրութիւնը հանդէպ իգական աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.