2016-01-22 09:53:00

Ասորի Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ համայնքներուն Պատրիարքները ներկայացուցչութիւն կը պահանջեն


Ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան եւ ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքները երէկ այցելեցին Ռապիէ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Եունան պատրիարքը յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ իրենց հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնած են, որ նախագահական ընտրութեան առումով ի գործ դրուած ջանքերը արդիւնաւորուին, միւս կողմէ ան ակնարկեց նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մշակման հոլովոյթին` պահանջելով, որ ասորի կաթողիկէ եւ ասորի ուղղափառ համայնքները մէկական երեսփոխաններով ներկայացուին Լիբանանի խորհրդարանին մէջ:

«Սակայն ամէն բանէ առաջ մենք կը փափաքինք հանրապետութեան նախագահ մը ունենալ», ըսաւ Եունան` յոյս յայտնելով, որ զօր. Աուն նախագահ ընտրուի:

Զոյգ պատրիարքները այցելեցին նաեւ Մեհրապ, ուր անոնք նոյն պահանջները ներկայացուցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի








All the contents on this site are copyrighted ©.