2016-01-22 09:11:00

ԱՄՆ-ի մէջ ''Ծնող կեանքի''ի սպաս քայլարշաւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 22 Յունուար 2016, ԱՄՆ-ի մէջ կը նշուի ''Ծնող կեանքի''ի սպաս աղօթքի օրն ու  քայլարշաւը, որ կը զուգադիպի ԱՄՆ-ի Գերագոյն Ատեանի կողմէ` վիժումի օրինականացումի 43-րդ տարեդարձին` 22 յունուար 1973-ին։

Այս առթիւ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած է աւանդական քայլարշաւը ի սպաս կեանքին, ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի հովանաւորութեամբ որ կոչ ուղղած է նոր յանձնառումով պահպանելու կեանքը եւ կեանքի հանդէպ ունենալու նոր տեսութիւն ու սէր որ զանց չընէ եւ ոչ մէկը։

ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի` Կեանքի պաշտպանութեան ի սպաս յանձնախումբի նախագահ Կարդինալ Տոլան` այս առթիւ հրատարակած մէկ պատգամին մէջ դիտել տուած է թէ Միացեալ նահանգներու մէջ շատեր հակառակ են Գերագոյն Ատեանի` 43 տարիներ առաջ արձակած վճիռին բայց եւ այնպէս լաւապէս ֆինանսաւորուած  ու հզօր ''Լոպպին'' այդ վճիռը կը  ներկայացնէ որպէս բարեբեր կիներու ու ընկերութեան համար, դատապարտելով նաեւ այն բժիշկները որոնք չեն ուզեր վիժումը կիրարկել։

Այս իրողութեան առջեւ Կարդինալ Տոլան կը հրաւիրէ կաթողիկէները ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը աւելի յանձնառումով գործելու եւ տարածելու կեանքի պահպանութեան պատգամը ու դառնալու այդ պատգամին պատգամաբերները  որպէսզի միշտ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ գիտակից դառնան այն յարգանքին` որ պէտք է երաշխաւորուի ամէն մարդ արարածի հանդէպ։

Կեանքի ի սպաս քայլարշաւի նախօրեակին տեղի ունեցաւ երեկոյեան աղօթքի հսկում որուն բացումը կատարուեցաւ` Կարդինալ Տոլանի մատուցած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ եւ որուն իրենց մասնակցութիւն բերին աւելի քան 20 հազար հաւատացեալներ։

Կեանքի ի սպաս 43-րդ քայլարշաւի բնաբանն է ''Կեանքի ի սպաս  կը նշանակէ ի սպաս կնոջ'' մատնանշելու համար որ վիժումը ոչ միայն ''ծնող կեանքի'' մը սպանդ է այլեւ խոր ու մնայուն վէրք մըն է` ամէն մէկ կնոջ համար որ վիժումի կը դիմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.