2016-01-22 09:15:00

Ամենասուրբ Հաղորդութեան 51-րդ գիտաժողով Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Սեպու թեմին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քարոզել Աւետարանը կրօններու, մշակոյթներու ու աղքատներու երկխօսութեան ճամբով'' յայտարարած է կարդինալ Պօ` Միանմառի Եանկոն թեմի առաջնորդը, որ կը պատրաստուի` որպէս ֆրանչիսկոս Պապի ներկայացուցիչ, մեկնիլ Ֆիլիփինեան Սեպու քաղաք գլխաւորելու համար Ամենասուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովը որ տեղի կ՛ունենայ 25-31 Յունուար 2016։ Գիտաժողովին նիւթն է ''Քրիստոս ձեր մէջ փառքի յոյս է''։

Կարդինալ Պօ` կ՛ ընդգծէ որ Ասիան քառաթեւն է աշխարհի կրօններու, աշխարհամաս մը որ տակաւին չէ ընդունած համաշխարհայնացում, ինչպէս է պարագան Արեւմուտքին եւ որուն եռանդը հանդէպ հոգեւորին, հասարակաց գետնի վրայ, կը մնայ աղբիւր աւետարանումին։

Ծիրանաւորը կը մաղթէ որ Ողորմութեան Յոբելեանը օգնէ քրիստոնեաներուն իւրացնելու ողորմութեան ոգին։ Այս է կէտ նպատակը Ամենասուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին` առաջնորդել հաւատացեալները դէպի ընկերային առաքելութիւն, դիմագրաւելով տնտեսական անարդարութեան ու բնապահպանութեան վտանգը։

Գիտաժողովը պիտի հետապնդէ երեք կէտեր﹒ երկխօսութիւնը` կրօններու հետ, երկխօսութիւն մշակոյթներու հետ ու երկխօսութիւն աղքատներու հետ։

Կարդինալ Պօ կը յուսայ որ Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը մղէ հաւատացեալները կարդալու Ս﹒ Գիրքը ու հետեւաբար զայն դարձնելու իրենց խորհրդածութեան ու կեանքին կեդրոնը ու այսպէսով դառնան առաքեալները Յիսուսի` շնորհիւ իրենց կեանքի ապրումին ու քարոզչութեան։ Յայտնենք որ գիտաժողովին կ՛ ակնկալուի մասնակցութիւնը աւելի քան 10 հազար անհատներու եկած 57 երկիրներէն։ Կը սպասուի նաեւ մասնակցութիւնը 20 կարդինալներու, 50 ասիացի եպիսկոպոսներու, 100 ֆիլիփինցի եպիսկոպոսներու։ Արդէն 600 ընտանիքները իրենց տունը տրամադրած են ընդունելու մասնակցողները։ Նախատեսուած են նաեւ 5 հազար կամաւորներ։

Յիշեցնենք որ Սեպու թեմը երկրորդ անգամուայ համար է որ կը հիւրընկալէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան միջազգային ժողովը։ Ֆիլիփինեան Ասիայի ցամաքամասը միակ երկիրն է որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են։ Սեպու թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Խօսէ Փալմա-ի գնահատումով այս գիտաժողովը յոյժ կարեւոր է քանի երկիրը 2021-ին պիտի տօնախմբէ իր աւետարանութեան 500-րդ տարեդարձը, որ տեղի ունեցած է 1521-ին։

Գիտաժողովին գլխաւոր միջամտողները պիտի ըլլան կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս  առաջնորդը Հնդկաստանի Մումպայ  թեմին, կարդինալ Օնայեքան` առաջնորդը Նիճերիոյ Ապուժա  թեմին, կարդինալ Թիմոթի Տոլան  առաջնորդը ԱՄՆի Նիւ Եորք թեմին և կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ  առաջնորդ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մանիլա  թեմին։








All the contents on this site are copyrighted ©.