2016-01-22 09:51:00

2015 թուականը ամենատաքը եղած Է օդերեւութաբանական դիտարկումներու պատմութեան մէջ.


2015 թուականը ամենատաքը եղած է օդերեւութաբանական դիտարկումներու պատմութեան մէջ: Այդ մասին ըսուած է NASA-ի եւ Ովկիանոսային եւ մթնոլորտային հետազօտութիւններու ազգային վարչութեան ուսումնասիրութեան մէջ, կը գրէ «Արցախփրես»-ը:

Հետազօտութեան տուեալներով` մոլորակի վրայ օդի միջին ջերմաստիճանը անցեալ տարի կազմած է՝ ըստ Սելսիուսի՝ շուրջ 15 աստիճան, ինչ որ մօտաւորապէս 0,2 աստիճանով բարձր է, քան 2014 թուականի ցուցանիշը:

Զեկոյցին համաձայն` 2015 թուականին օդի ջերմաստիճանը 0,9 աստիճանով բարձր եղած է ամբողջ 20-րդ դարու տարեկան միջին ջերմաստիճանէն:

Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը կապուած է Էլ Նինէօ ֆենոմենի եւ մթնոլորտ ջերմոցային կազի արտանետումներու աւելացման հետ:

Անցեալ տարուան Յունուարին գիտնականները 2014 թուականը ամենատաքը ճանչցած էին օդերեւութաբանական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան մէջ` նշելով, որ ընդհանուր ջերմաստիճանը Սելսիուսի 0,68 աստիճանով գերազանցած է միջին ցուցանիշները:

Այս տուեալները կը հաւաքուին 1880 թուականէն: Դիտարկումներու պատմութեան ընթացքին 15 ամենատաք տարիներէն 14-ը 21-րդ դարուն կը պատկանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.