2016-01-21 09:59:00

Ս﹒ Աթոռին գնահատումով քաղաքացիները գլխաւոր զոհերն են պատերազմի։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անմեղ քաղաքացիները այսօրուայ պատերազմի գլխաւոր զոհերն են եւ միջազգային հասարակութիւնը անտարբերութեամբ ու լռութեամբ կը հետեւի անցուդարձներուն'' յայտարարած է Ս﹒ Աթոռի ՄԱԿի մօտ  մնայուն դէտը գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա ̦ խօսք առնելով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին բանավէճի ընթացքին որուն նիւթն է ''քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը զինեալ ընդհարումին ընթացքին''։

Վատիկանի դիւանագէտը ՄԱԿ էն պահանջեց արդարութեան կանչել  անմեղներու սպանդին պատասխանատուները։ Միաժամանակ խնդրեց օգնութեան հասնիլ պատերազմի զոհ քաղաքացիներուն։ Ան` յանուն ֆրանչիսկոս Պապին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն որոնք լայն բացին իրենց դռները օգնելու գաղթականներուն ու փախստականներուն։  Ս﹒ Աթոռի մնայուն դէտը խրախուսեց ապա յաղթահարել չարին` բարիք կատարելով եւ պայքարելով անտարբերութեան դէմ` զօրակցութեան ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.