2016-01-21 09:49:00

''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ'' 2016-ի քառասնորդացի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան)''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ. Ողորմութեան ներգործութիւնները Յոբելինական ուղեւորութեան ընթացքին'' այս է  Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 տարուայ քառասնորդաց շրջանի պատգամի նիւթը, որուն ներկայացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 26 յունուար 2016-ին, Սուրբ Աթոռի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան մամլոյ գրասենեակին մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան  Քոր Ունում – մէկ սիրտ Քահանայապետական խորհուրդի անդամ եւ Ակրիճենթօ թեմին առաջնորդ կարդինալ Ֆրանչիսկոս Մոնթենեկրօ , վերոնշեալ  խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Ճիամփիեթրօ Տալ Թոզօ ինչպէս նաեւ խորհուրդի ենթաքարտուղար Գերապայծառ Սէկունտօ Թէյատօ Մունոզ։ Պատգամը պիտի հրատարակուի 7 լեզուներով Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն եւ Լեհերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.