2016-01-21 09:07:00

Հրթիռներ՝ Քեսապի ուղղութեամբ


Չորեքշաբթի, 20 Յունուարի յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին եւ 3:30-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ 2 «Կրատ» տիպի հրթիռներ արձակուեցան Քէլէս եւ Մազրաաթ Սարրաֆի շրջաններէն, որոնք կը գտնուին Քեսապէն 15-20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ ու օր ցերեկով, անցնելով թրքական հողերուն վրայէն հարուածեցին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան շրջանները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։

Առաջին հրթիռը ինկաւ Քեսապի մզկիթէն 50 մեթր դէպի հիւսիս, իսկ երկրորդը՝ Քեսապի հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ետեւի թաղին մէջ։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, մէկ քաղաքացի վիրաւորուեցաւ, զոհեր չարձանագրուեցան։ Քեսապի բնակիչները, յատկապէս իրենց տան շրջափակին մէջ խաղցող մանուկները մեծ ցնցում ապրեցան։








All the contents on this site are copyrighted ©.