2016-01-21 09:09:00

Լաւրով-Քերրի. Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ ժողովը այս ամիս գումարելու համաձայնութիւն։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Ցիւրիխի մէջ Սուրիոյ հարցին շուրջ ունեցան հանդիպում մը, որմէ ետք Լաւրով  յայտնեց, թէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի Ժընեւի մէջ Սուրիոյ շուրջ ժողովը գումարելու այս ամիս:

Ան նշեց, որ Ահրար Շամ եւ Ժէյշ Իսլամ խմբաւորումները կը շարունակեն Մոսկուայի համար ահաբեկչական խմբաւորումներ մնալ:

Լաւրով ըսաւ, որ հանդիպումի ընթացքին կեդրոնացած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ համակարգում կատարելու հարցին վրայ, եւ «ամերիկեան կողմը այդ ուղղութեամբ քանի մը առաջարկներ ներկայացուց եւ ճիշդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.