2016-01-21 09:29:00

Իրանի Ռահուայ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խաչերու օծում


Իրանի Ռահուայ գիւղի Ս. Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ 15 Յունուարին մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը:

Առաջնորդ հօր ձեռամբ, Ս. պատարագին ընթացքին, քարոզէն անմիջապէս առաջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթի եւ զանգակատան խաչերու օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ապա խաչերը երիտասարդներուն օգնութեամբ զետեղուեցան իրենց տեղերը:

Վերանորոգուած եկեղեցւոյ արտաքին պատերու մաքրութեան աշխատանքները շուտով իրենց լրումին պիտի հասնին, որպէսզի կարելի ըլլայ 18-րդ դարու եկեղեցին վերաօծել գարնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.