2016-01-20 11:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը նշան է Քրիստոնեաներու միութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 20 Յունուար 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ,  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած իր ճարին մէջ խօսեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ մասին ու այդ շաբթուայ խորհրդածութիւններու 2016-ին ընտրուած նիւթին մասին, որ  քաղուած է Պետրոս Առաքեալի նամակէն (Ա Պետրոս 2, 9-10)՝ «Կոչուած՝ աւետարանելու Աստուծոյ հրաշալի գործերը» ։ 

Ճարին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց թէ վերոնշեալ նիւթը ընտրուեցաւ Լեթթոնիայի ''Էքումենիք'' մէկ յանձնախումբի կողմէ,  Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդի եւ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի թելադրանքով։ Ան ապա ակնարկեց Ռիկայի լուտերական աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող ԺԲ դարու` Մկրտութեան աւազանին որ կը ներկայացնէ հաւաքի բացայայտ նշանը ճանչցուած Լեթթոնիայի համայն քրիստոնեաներէն ըլլան կաթողիկէ, լուտերական կամ օրթոտոքս։ Այս նշանը մեր միասնական մկրտութիւնն է որ ըստ Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովի կը ներկայացնէ ''միութեան խորհուրդի կապը բոլոր անոնց միջեւ որ մկրտութեան խորհուրդով վերակենդանացան''։

Այս աղօթքի շաբթուայ ընթացքին մենք եւս կանչուած ենք վերագտնելու Մկրտութեան պարգեւը մեր բաժանումներէն անդին։ Մկրտութիւնը բաժնեկցիլ կը նշանակէ թէ ամէնքս մեղաւորներ ենք ու ամէնքս կարիքը ունինք փրկուելու, դարձի գալու եւ չարէն ձերբազատուելու։ Մկրտութիւնը  բաժնեկցիլը մեզի քրիստոնեաներուս համար` կը նշանակէ թէ ամէնքս - կաթողիկէ բողոքական կամ օրթոտոքս – կը բաժնեկցինք փորձառութիւնը միակ Սուրբ Մկրտութեան ու կանչուած ենք դուրս գալու խաւարէն ու հանդիպելու կենդանի Աստուծոյ հետ որ լի է ողորմութեամբ։ Ամէնքս սակայն կը փորձարկենք նաեւ ''եսասիրութիւնը'' որ կը յառաջացնէ բաժանում, փակումներ ե արհամարհանք։ Մկրտութեան խորհուրդէն մեկնիլ կը նշանակէ վերագտնել ողորմութեան ակնաղբիւրը որ է բոլորին յոյսի աղբիւր` որովհետեւ եւ ոչ մէկը զրկուած է Աստուծոյ ողորմութենէն։ Այս շնորհքին բաժնեկցութիւնը, քրիստոնեաներուս միջեւ կը ստեղծէ անքակտելի կապ մը, որուն միջոցաւ ամէնքս իրարու իսկական  եղբայրներ կը նկատուինք, նոյնիսկ եթէ տակաւին լիօրէն միացած ժողովուրդ մը չենք։

Աստուծոյ ողորմութիւնը որ կը գործէ Սուրբ Մկրտութեան ընդմէջէն աւելի հզօր է քան բաժանումները եւ այն չափով որ մենք ողորմութեան շնորհքը կ՛ընկալենք` կը դառնանք Աստուծոյ ժողովուրդ ու կը դառնանք կարող ուրիշներուն եւս հռչակելու Աստուծոյ հրաշալի գործերը սկսեալ միութեան եղբայրական ու պարզ վկայութենէն։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ մենք բոլորս -  կաթողիկէ բողոքական կամ օրթոտոքս – միասնական առաքելութիւն մը ունինք կատարելիք այն է` ընկալուած ողորմութիւնը փոխանցել ուրիշներուն, սկսեալ աղքատներէն եւ լքուածներէն։

''Այս աղօթքի շաբթուայ ընթացքին աղօթենք` որպէսզի մենք ամէնքս, Քրիստոսի աշակերտները,  համագործակցութեան միասնական ձեւ մը գտնենք, որպէսզի Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը տանինք աշխարհի ամէն վայր'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալները,  յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն­, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն առաջիններէն խնդրելով որ աղօթեն` որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները միշտ աւելիով դառնան մէկ ընտանիք, հիւանդները հրաւիրեց իրենց ցաւերը նուիրելու Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան դատին եւ նորապսակեալներուն  յորդորեց զարգացնել Աստուծոյ` մեզի հանդէպ ունեցած ողորմած եւ ձրի սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.