(Ռատիօ Վատիկան) Սրբազան Պապին ու անոր անմիջական օգնականներու սուրբ Զատկուայ առթիւ կայանալիք հոգեւոր կրթութիւնը` 6-11 մարտ 2016-ին, պիտի քարոզէՀայր Էրմէս Ռոնքի որուն հետ ուղղակի հեռախօսային կապ հաստատած է ֆրանչիսկոս Պապը անորմէ խնդրելով որ այս տարուայ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւնները պատրաստէ։
Յայտնենք որ Հայր Էրմէս միաբան է Տիրամօր սպասաւորներու միաբանութեան։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով Ան յայտնած է որ հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն պիտի աշխատի հաղորդել Հօր Աստուծոյ սէրը որ կը գտնենք Յիսուսի մէջ, Աւետարանի պարզ խօսքերով ու հզօր գեղեցկութեամբ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |