2016-01-20 09:42:00

Սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները կը շարունակուին նաեւ 2016 թուականին


Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս կը շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

2015 թուականին քաղաքապետարանին կողմէ համապատասխան դրամական եւ նիւթական օժանդակութիւն  ցուցաբերուած է 1400 սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքի, անոնցմէ 72-ին` «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ծիրէն ներս: Մայրաքաղաքին մէջ բնակող սուրիահայ աւելի քան 160 ընտանիք ներառուած է պետական սոցիալական աջակցութեան ծրագիրներուն:

Մշտական ուշադրութեան ներքոյ են նաեւ քաղաքապետարանի ենթակայութեան մանկապարտէզներ յաճախող, ինչպէս նաեւ դպրոցահասակ աւելի քան 700 սուրիահայ երեխաներ: Փոքրիկներն ու պատանիները աշխուժօրէն կը ներգրաւուին կրթամշակութային տարբեր ձեռնարկներու մէջ:

Մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարներու աշխատակազմերը եւս պարբերաբար կ’աջակցին երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.