2016-01-20 12:37:00

''Եկեղեցին Իրաքի մէջ'' Կարդինալ Ֆիլոնիի նոր գիրքը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 22 յունուարին, Պօղոս Զ անուան միջազգային տպագրատան մէջ տեղի կ՝ունենայ զրոյց-հանդիպում որպէս նիւթ ունենալով ՝՝Քրիտոնէութեան պատմութիւնը միջին արեւելքի մէջ''

Զրոյց-հանդիպումին ընթացքին, ժողովուրդներու աւետարանացման ժողովի  նախագահ Կարդինալ Ֆլիոնի ելոյթ մը  պիտի ունենայ որուն ընթացքին պիտի  զրուցէ վերջերս  հրատարակուած  ՝՝Եկեղեցին Իրաքի մէջ՝՝ իր  գիրքին մասին։

Նշենք թէ Կարդինալ Ֆիլոնիի  ՝՝Եկեղեցին Իրաքին մէջ՝՝  գիրքին կէտնպատակն է  վկայութիւններ  տալ Իրաքի քրիստոնեաներուն ապրած կեանքին մասին, որոնց հետ ծիրանաւորը հանդիպած է, որպէս Քահանայապետի ներկայացուցիչ, Իրաք կատարած կեցութեան ընթացքին։

Կարդինալ Ֆիլոնի գիրքին մէջ լայնօրէն  քննարկած  է Միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն պատմութիւնը, հանրութեան ճանչցնելու համար հոն ապրող քրիստոնեաներու ողբերգական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելու համար քրիստոնեաներու  կեանքն ու մշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.