2016-01-20 09:50:00

Արեւելեան Հոլանտայի մէջ տեղահանուածներու Հիւրընկալման ծրագիրին դէմ բողոքի ցոյցեր


Հոլանտական լրատուամիջոցներ եւ քաղաքապետական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ արեւելեան Հոլանտայի մէջ գտնուող Հիշ քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ, որոնք կը բողոքէին յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին քաղաքին մէջ 500 տեղահանուածներ հիւրընկալելու ծրագիրին դէմ:

Բախումներէն քանի մը ժամ առաջ ծայրայեղ աջակողմեան երեսփոխան Կերթ Վիլտըրզ կոչ ուղղած էր` տեղահանուածները բանտարկելու հիւրընկալման կեդրոններու մէջ` պաշտպանելու համար կիները, որոնք, ըստ անոր, Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ Նոր տարուան գիշերը տեղի ունեցածին նման յարձակումներու կ՛ենթարկուին:

«Էյ.Էն.Պի.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շուրջ հազար անձ հաւաքուած է քաղաքապետարանին առջեւ` բողոքելու համար ընդհանուր ժողովի մը դէմ, որուն նպատակը յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին 500 տեղահանուածներու հիւրընկալման պատրաստուիլն է:

Ոստիկանութեան հետ բախումը ընթացք առած է, երբ տասնեակ մը անձեր սկսած են քաղաքապետարանի շէնքին վրայ նետել հաւկիթներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.