2016-01-19 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 Յունուարի թուիթը ''Մօտիկ ըլլանք աղքատներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 19 Յունուար 2016-ին հրատարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատացեալները հրաւիրեց հետեւելու Աւետարանի ուսուցումին որ կոչ կ՛ուղղէ մօտիկ ըլլալու աղքատներուն, որպէսզի անոնց պարգեւենք շօշափելի յոյս։

''Աւետարանը մեզ կը կանչէ ըլլալու ''մօտիկ'' աղքատներուն եւ լքուածներուն, անոնց շօշափելի յոյս ներշնչելու համար'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր հրատարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.