2016-01-19 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Չկայ սուրբ մը առանց մեղքի եւ ոչ ալ մեղաւոր մը առանց ապագայի''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 19 յունուարին առաւօտուն, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ  նոյնիսկ Սուրբերու կեանքին մէջ կան մեղքեր ու փորձութիւններ, ինչպէս ի յայտ կու գայ Դաւիթ թագաւորի կեանքէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Դաւիթ Մարգարէի  ընտրութեան մասին՝ որպէս Իսրայէլի թագաւոր, որ ընտանիքին ամենէն փոքրիկն էր, մատնանշեց. թէ Աստուած կանգ չ՛առներ երեւոյթներուն առջեւ այլ կը նայի սիրտին խորքը։ Մենք, ըսաւ Սրբազան հայրը յաճախ  ստրուկ ենք երեւոյթներուն, եւ թոյլ կու տանք որ անոնք  մեզ առաջնորդեն։Տէրը սակայն՝ կը ճանչնայ իրականութիւնը։

Շարունակելով Դաւիթ Թագաւորի կեանքին մասին իր խորհրդածութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ,  որ Դաւիթ արժանիք մը չ՝ուներ մարդոց դիմաց, սակայն Տէրը զինք ընտրեց եւ Սամուէլ մարգարէէն խնդրեց որ օծէ զինք ու Աստուծոյ  Հոգին իջաւ  անոր վրայ եւ այդ օրէն դաւիթի կեանքը դարձաւ Տիրոջմէ օծուած մարդու կեանք մը` ընտրուած Տիրոջմէն։ Սակայն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Դաւիթ անմիջապէս Սուրբ չ՝եղաւ այլ՝ երկար եւ մեղքերով լի կեանք ապրելէ ետք ան Սուրբ դարձաւ։ Դաւիթ թագաւորը եղաւ մարդ մը  որ միացուց եւ առաջնորդեց Իսրայէլի թագաւորութիւնը՝ մեղքեր գործերով նոյնիսկ սպանութիւններ կատարեց, սակայն ան երբ՝ անդրադարձաւ իր մեղքերուն զղջած եւ ներողութիւն հայցեց Աստուծմէ։

Չի կայ սուրբ մը առանց մեղքի եւ մեղաւոր մը առանց ապագայի ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ Դաւիթի կեանքը զինք կը յուզէ որովհետեւ մեր կեանքին մասին մտածել կու տայ։ ''Բոլորս ընտրուած  ենք Տիրոջմէ  Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի շնորհքով՝ մաս կազմելու անոր  Ժողովուրդին  եւ ըլլալու սուրբեր ։

Բոլորս օծուած են Տիրոջ կողմէ, ընթանալու համար Սրբութեան ուղիին վրայ եւ քրիստոնէական ուղեւորութեան մէջ չկայ սուրբ մը առանց անցեալի եւ ոչ ալ մեղաւոր մը առանց ապագայի ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր քարոզը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.