2016-01-19 12:05:00

Միութեան աղօթք. Հայածէս Ս. Պատարագ Հռոմի ''Սանթա Մարիա ին վիա Լաթա'' եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի 18-25 Յունուար քրիստոնեայ աշխարհը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած քրիստոնեաներու միութեան համար։ Այս առթիւ աշխարհի զանազան եկեղեցիներու մէջ աղօթքներ կը կատարուին եւ զանազան ծէսերով պատարագներ կը մատուցուին։ Երկուշաբթի 18 Յունուարին քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի ութօրէքի ծիրէն ներս, Հռոմի ''Սանթա Մարիա ին վիա Լաթա'' պազիլիքային մէջ, ինչպէս ամէն տարի,  հայածէս ս. պատարագ մատուցուեցաւ զոր գլխաւորեց գերապատիւ հայր Գրիգոր Պատիշահ`  Լ. Ք. հայ դպրեվանքին փոխ տեսուչը, մինչ երգեցողութիւնը կատարեցին Լեւոնեան Քահանայապետական դպրեվանքի ժառանգաւորները, առիթ տալով հռոմաբնակ բազմաթիւ հաւատացեալներուն մօտէն  ճանչնալու հայկական ծէսը։

Ս. Գրային ընթերցումներէն անմիջապէս ետք Պատարագիչ վարդապետը խորհրդածութիւն մը կատարեց քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուայ կարեւորութեան մասին եւ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի հաւատարմութեան` Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ,  դարերու հոլովոյթին իր արիւնը թափելով վասն կրօնի ու հայրենեաց։ Պատարագիչ վարդապետը հուսկ շեշտը դրաւ համամիութեան կարեւորութեան վրայ, որպէս օրինակ տալով ս. Ներսէս Լամբրոնացիի համամիութեան նկատմամբ ունեցած համոզումն ու սէրը։

Հայր Պատիշահ քարոզին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ. ''անգամ մը եւս համախմբուած ենք  ''Սանթա Մարիա ին վիա Լաթա'' պազիլիքային մէջ աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար։ Քաջութեամբ ու յոյսով  կ՛ընդառաջենք Քրիստոսի հրաւէրին` վերագտնելու, Ս. Հոգւոյ շնորհքով, էական միութիւնը, համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, յատկանշուած զինեալ ընդհարումներով ու բռնութիւններով։ Հարկ է մէկ անգամ ընդմիշտ գիտակցինք որ մեր ոյժը կը կայանայ յարակցութեան, վկայութեան ու միութեան մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ մենք Յիսուսի հաւատաւոր վկաներ ենք։

Ս. Ներսէս Լամբրոնացին, 12-րդ դարուն այժմէական ձեւով արտայայտուած է. ''մենք հրաժարեցանք սէրէն, որ առաջինն է  պատուիրաններուն ու աղբիւրը ամէն բարիքի ու յարեցանք թշնամութեան` աղբիւրը ամէն չարիքի''։

Յայտնենք թէ 2016 տարուայ Քրիստոնեաներու աղօթքի շաբաթուայ նիւթը առնուած է Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն (1Պետ.2,9) ''կանչուած ենք հռչակելու Աստուծոյ գովաբանութիւնները''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.