2016-01-19 09:43:00

ՄԱԿ-ը չէ յաջողած մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Տէյր Զօր


ՄԱԿ-ը այս ամիս երրորդ անգամ մարդասիրական օգնութիւն եւ դեղորայք հասցուցած է Սուրիոյ Մատայա, Ֆուա եւ Քըֆրայա բնակավայրեր:

Armenpress.am` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովըսթի»-ի տեղեկութիւնները կը նշէ, թէ ՄԱԿ-ը չէ յաջողած մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Տէյր Զօրի բնակչութեան, որ պաշարուած է հակամարտութեան մասնակիցներուն կողմէ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հագ վկայակոչած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործակալութիւններու տուեալները, որոնց համաձայն Տէյր Զօրի արեւմտեան մասը շուրջ 200 հազար մարդ կը գտնուի պաշարման մէջ:

«Բնակիչները շտապ կարիք ունին մարդասիրական աջակցութեան, մասնաւորապէս, պարէնամթերքի եւ բուժօգնութեան: Հաղորդումներ կը ստանանք նաեւ հիւծման եւ սովահարութեան դէպքերու մասին»,- ըսած է ան` ընդգծելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ հացի մատակարարումները, սակայն քաղաքին մարդասիրական եւ առեւտրային մատակարարումներու հնարաւորութիւնը սահմանափակուած է:

ՄԱԿ-ը ստացած էր Սուրիոյ իշխանութիւններու թոյլտւությունը օդով Տէյր Զօրին օգնութիւն մատակարարելու համար, սակայն, ըստ Հագի, քաղաքի արուարձաններուն մէջ կատաղի ընդհարումները թոյլ չեն տուած իրականացնել գործողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.