2016-01-19 09:29:00

Այսօր կը նշուի Տինքի սպանութեան 9-րդ տարելիցը։


Այսօր «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դաւադիր սպանութեան 9-րդ տարելիցին տխուր առիթով Պոլսոյ մէջ յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ:

Այդ մասին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են Թուրքիոյ  հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ  շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ ու անհատներ:

Ձեռնարկին մասնակիցները նախ երթ պիտի ունենան մինչեւ «Ակօս»-ի խմբագրատուն, որուն դիմաց սպաննուած էր Տինքը, այնուհետեւ «արդարութեան եւ խաղաղութեան» պահակ պիտի կանգնին:

Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է նաեւ, որ «Տինքի սպանութիւնը, վստահաբար, Հայոց ցեղասպանութեան հետ չառերեսուելու հետեւանք է»:

Գրող, լրագրող Հրանդ Տինք ծնած է 1954-ին Մալաթիա քաղաքը: 7 տարեկանին ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Սթամպուլ, ուր յաճախած է Պեզճեան վարժարանը, այնուհետեւ` Սուրբ Խաչ դպրեվանքը: 1978-ին աւարտած է Սթամպուլի պետական համալսարանի կենսաբանութեան, 1987-ին` փիլիսոփայութեան բաժանմունքները: Զինուորական ծառայութենէն ետք աշխատած է որպէս լրագրող: 1996-ին Սթամպուլի մէջ հիմնած է «Ակօս» թերթը` նպատակ ունենալով ներկայացնել թրքահայութեան ծայրայեղ մեկուսացուածութիւնը, դառնալ անոր խօսափողն ու իրաւունքներու պաշտպանը, հաշտարար օղակ ըլլալ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ: Հայոց ցեղասպանութեան հարցով հակադրուելով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին` բազմիցս հալածուած է: Սպաննուած է Սթամպուլի մէջ` թերթին խմբագրատան առջեւ, թուրք ազգայնամոլի հրազէնի մը գնդակով: Տինքի սպանութիւնը բողոքի մեծ ալիք յառաջացուց Թուրքիոյ եւ արտերկրի մէջ: «Ես հայ եմ, ես Հրանդ Տինք եմ» կարգախօսով հազարաւոր մարդիկ դուրս եկան փողոց` ի պաշտպանութիւն Տինքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.