2016-01-18 09:37:00

Ուխտավայրերու եւ սրբավայրերու մէջ գործող կամաւորներուն Յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) 19- 21 Յունուար 2016-ին կը նշուի  ուխտավայրերու եւ սրբավայրերու մէջ գործող կամաւորներուն ողորմութեան յոբելեանը։ Այս առթիւ 19-21 Յունուար 2016 Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ ուխտավայրերու եւ սրբավայրերու մէջ գործող կամաւորներու, ինչպէս նաեւ սրբավայրերու ժողովրդապետներու եւ Ռէկտորներու հաւաքը որուն նիւթն է ''Ժողովրդապետութիւններ եւ Սրբավայրեր` ողորմութեան վայրեր''։ Հաւաքը կազմակերպուած է '' Opera Romana Pellegrinaggi – Հռոմէական ուխտագնացութեան ընկերակցութիւն'' վատիկանեան հաստատութեան կողմէ։

Վերոնշեալ հաւաքի մասնակցողները, Հինգշաբթի 21 Յունուար 2016-ին , առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.