2016-01-17 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը Գաղթականներու Համաշխարհային օրուայ առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Գաղթականներու ու ապաստանեալներու համաշխարհային 102-rրդ օրուայ առթիւ, կիրակի 17 յունուարի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի  աւարտին, յատուկէն ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող Իտալիոյ զանազան մարզերէն ժամանած տարբեր ցեղային խումբերուն պատկանող գաղթականները։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը  ըսաւ ''Սիրելի գաղթականներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ պատմութիւնը, մշակոյթը ու թանկարժէք սկզբունքները,  Ինչպէս նաեւ դժբախտաբար,  թշուառութեան, նեղութեան եւ վախի  փորձառութիւնները։ Ձեր ներկայութիւնը այսօր նշան է Աստուծոյ վրայ յոյսի։ Թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլեն այս յոյսը եւ ապրելու ուրախութիւնը, որոնք կը բխին Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութենէն,  շնորհիւ նաեւ  ձեզի օժանդակող եւ  հիւրընկալող անձերուն։  Քիչ ետք  կատարուելիք  Ողորմութեան Սուրբ դրան անցքն  ու Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ձեր սիրտը թող լեցնեն  անդորրութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց այն բանտարկեալներուն, որոնք պատրաստած են Գաղթականներու համաշխարհային օրուայ առթիւ, Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ կատարուելիք  Սուրբ Պատարագի նշխարները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.