2016-01-16 09:54:00

Սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն նուիրուած համագումար տեղի պիտի ունենայ


ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յունուար 15-ին ընդունած է ՄԱԿ-ի փախստականներու գիծով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը։

Զրոյցին ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն նուիրուած ՄԱԿ-ի փախստականներու գիծով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, սփիւռքեան կազմակերպութիւններու եւ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ ընթացիկ տարուան Փետրուար ամսուն նախատեսուած համագումարի կազմակերպման առնչուող  հարցեր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.