2016-01-16 10:04:00

Գերապայծառ Զենարի. ''սովն ու ծարաւը որպէս պատերազմի զէնք գործածելը նախատինք է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի մէջ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Մարիօ Զենարի,  Սուրիոյ զանազան վայրերու մէջ տիրող սովն ու ծարաւը անվեհեր ոճով կ՛որակէ  որպէս պատերազմի միջոց։ Ան զարմանք կը յայտնէ որ մամուլն ու միջազգային հասարակութիւնը միայն հիմա` արթնցան ու սկսան խօսիլ այս տմարդի իրավիճակի մասին, հակառակ որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր սովն ու ծարաւը դարձած են պատերազմի զէնք և գիւղերու ու քաղաքներու մուտքին սնունդով, կաթով ու դեղորայքով բեռնաւորուած բեռնակառքեր կարելիութիւն չունին մուտք գործել եւ բնակչութեան կենսական կարիքները ապահովել։

Վատիկանի դիւանագէտը խստիւ կը դատապարտէ մամուլին ու միջազգային հասարակութեան լռութիւնը յաչս այս ծանր բռնաբարութիւններուն։ Ան պատասխանելով AsiaNews մամլոյ գործակալութեան ըսած է ''պէտք է հիմնովին վերջ տալ այս ողբերգական իրականութեան։ Մամուլը պէտք է մօտէն հետեւի ու պաշտպան կանգնի մարդկայնական հարցերուն''։

Գերապայծառ Զենարի  որպէս որակած է  սովին ու ծարաւին գործածութիւնը որպէս պատերազմի միջոց։ ''Հարկաւոր է երաշխաւորել մարդկային իրաւունքի կիրարկումը'' ինչպէս հաստատեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն - հաստատեց Ս﹒ Աթոռի դիւանագէտը եւ շեշտեց հարկաւորութիւնը օրհնելու եւ քաջալերելու բոլոր այն բարեսիրական մարմինները` ինչպէս ՄԱԿը,̦ Կարմիր խաչը, եւ այլք որ յարատեւութեամբ ու անաղմուկ կ՛աշխատին օգնութեան հասնելու սովահարներուն։ Այդ մարդասիրական մարմիններուն աւելցնենք Եկեղեցին որ շնորհիւ իր քահանաներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ աշխարհական նուիրեալներու ներկայութեամբ կը ջանայ ամոքել մարդոց ցաւերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.