2016-01-16 09:00:00

2015-ի Գաղթականութիւնը աշխարհի մէջ ՄԱԿի տուեալներու համաձայն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 յունուար 2016-ին կը նշուի գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու համաշխարհային 102-րդ օրը որուն բնաբանն է  "Գաղթականներն ու ապաստանեալները  մեզ կը հարցաքննեն, պատասխանը` Ողորմութեան  Աւետարանի  մէջ է''։

ՄԱԿի հրատարակած տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ գաղթականներու թիւը միշտ աւելիով աճ կ՛արձանագրէ եւ մինչ 2005ին պարտադիր գաղթականութեան դիմող անհատներու թիւը 37,5 միլիոն էր, այսօր անոնց թիւը կը հասնի 60 միլիոնի ու այս որպէս անմիջական հետեւանք պատերազմի, զինեալ ընդհարումի։  կրօնական հալածանքի։

ՄԱԿի գնահատումով համաշխարհային մակարդակի վրայ պարտադիր գաղթականութեան գլխաւոր դրդապատճառն է պատերազմը`օրինակ Սուրիոյ պատերազմը։

Ներկայիս աշխարհի մէջ  122 անհատի վրայ մէկը`  ապաստանեալ մըն է կամ ապահովութեան համար տունէն հեռացած է եւ կամ քաղաքական ապաստանի դիմող մըն է։

Վերջին 5 տարիներուն 15 զինեալ ընդհարումներ տեղի ունեցած են﹒

8 Ափրիկէի մէջ﹒ Կեդրոնական Ափրիկէ – Ոսկրէ Ափունքը – Լիպիա - Մալի - Նիճերիոյ հիւսիս- արեւելքը – Քոնկօ – Հարաւային Սուտան ու Պուրունտի։

3 Միջին Արեւելքի մէջ﹒ Սուրիա – Իրաք – Եէման։

3 Ասիա﹒ Քիրկիզիստան – Միանմար (որոշ շրջանները) ու Փաքիստան։

1 Եւրոպա﹒ Ուկրանիա

Վերոյիշեալ զինեալ ընդհարումները պատճառ դարձած են պարտադիր գաղթի։

ՄԱԿը դիտել կու տայ որ զինեալ ընդհարումներու աւարտին քիչերը ետ տուն կը վերադառնան 2014-ին հազիւ 127 հազարը հայրենիք վերադարձած է։

Վրդովիչ տուեալներ։

1.        Գաղթականներու կէսը համաշխարհային գետնի վրայ մանուկներ են։

2.        Սուրիա ապահովութեան համար տունէն հեռացած ամենամեծ թիւը ունեցող երկիրն է։

3.         Երկրորդ ու երրորդ տեղը կը գրաւեն Աֆղանիստանը և Սոմալիան։

4.        Գաղթականներուն 90 տոկոսը կու գան թերաճ երկիրներէն։

Ըստ ՄԱԿ-ի Վերջին 15 տարուան ընթացքին աշխարհի վրայ գաղթականներուն թիւը աւելցած է 41 տոկոսով եւ 2015 թուականին անոնց ամբողջական թիւը հասած 244 միլիոնի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.