2016-01-15 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը ՝՝Հաւատքը պարգեւ մըն է որ կը կերպարանափոխէ մեր կեանքը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 15 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տուաւ՝ թէ ինչպէ´ս է Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքս։ Ապա մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Մարկոս Աւետարանէն քաղուած Սուրբ Գրքի ընթերցումը, ուր կը խօսուի անդամալոյծի բուժումի հրաշքին մասին, նորին Սրբութիւնը յարեց, թէ Յիսուսը լաւ հասկնալու համար՝ պէտք չէ փակ սիրտ մը ունենալ, այլ պէտք է հետեւիլ Անոր՝ ներողամտութեան եւ հեզութեան ուղիին վրայ։ Հաւատքը, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, պարգեւն մըն է, որ չի վաճառուիր եւ կարող է կերպարանափոխել մեր կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Աւետարանի մէջ պատմուած այն մարդոց, որոնք ընդունելով հանդերձ Յիսուսի կատարած հրաշքը՝ միաժամանակ գայթակղած էին Անկէ՝ անդամալոյծին մեղքերու թողութիւն շնորհելուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տուաւ՝ թէ ինչպիսի´ է իմ հաւատքս Յիսուսի հանդէպ. արդեօ՞ք կը հաւատամ որ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ որդին է։ Արդեօ՞ք Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը կը փոխէ իմ կեանքս։

Հաւատքը՝ շնորհք մըն է ընդգծեց Սրբազան Հայրը, ապա խօսեցաւ Աստուծոյ փառաբանութեան մասին, նկատել տալով թէ գոհաբանելով եւ փառաբանելով  զԱստուած կը վկայենք Յիսուսի հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը։ Փառաբանել զԱստուած, կը նշանակէ հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի, որ մարդացաւ մեր մեղքերը քաւելու համար։ Փառաբանութիւնը անշահախնդիր է, Սուրբ Հոգիին կողմէ շնորհուած զգացումն է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ ըսել Յիսուսի՝ Դուն միակ Աստուածն ես։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ, քարոզի աւարտին հայցեց Տիրոջմէ, որ մեզ բոլորս աճեցնէ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ հաւատքով, որ մեր Աստուածն է եւ մեզի կը ներէ եւ կ՝ընծայէ շնորհքի տարին։ Այս բոլորը, նամանաւանդ հաւատքը, մեզ կ՝առաջնորեն դէպի փառաբանութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.