2016-01-15 09:00:00

Քահանայապետերու այցելութիւնները Հռոմի Հրեաներու Տաճար։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 17 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի Հրեաներու Աւագ Տաճարը` ''Սինակոկը''։ Այդ այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետի մը այցելութիւնը Հռոմի հրեաներու տաճարին։ Առաջին ու պատմական այցելութիւնը տեղի ունեցած է 13 ապրիլ 1986-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով. Ան արդարեւ հանդիսացած է առաջին Քահանայապետը որ այցելութիւն տուած է Հռոմի Հրեաներու Մայր տաճարին, այդ օրուայ Րաբունապետ Էլիօ Թոաֆի հրաւէրով։

Երկրորդ Քահանայապետը որ մուտք գործած է Հրեաներու Հռոմի աւագ տաճար` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետն է, 17 Յունուար 2010-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը իր Քահանայապետութեան  շրջանին այցելած է ապա այլ երկու հրէական տաճարներ` Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքի տաճարը` 19 օգոստոս 2005-ին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Գերմանիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին, եւ Նիւ Եորքի Սինակոկը` 18 ապրիլ 2008-ին Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։

Իր նախորդին նման Ֆրանչիսկոս Պապ`  հրեաներու տաճարը կ՛այցելէ 17 յունուարին, Հրեաներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ երկխօսութեան զարգացման ու խորացումի 27-րդ օրուան առթիւ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 1986-ին կատարած այցելութեան առթիւ հրեաները որակած էր ''աւագ եղբայրներ'' մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը  մատնանշած էր ''Հոգեւոր եղբայրութեան ու մօտիկութեան''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.