2016-01-15 09:36:00

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Ճաքարթայի մէջ կատարուած յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը


Երկու քաղաքայիններ եւ 5 զինեալներ սպաննուեցան, երբ զինեալներ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ գործեցին յարձակումներ, որոնք նկատուեցան Փարիզի յարձակումները կապկելու փորձ մը:

Զինեալներէն երկուքը իրենք զիրենք պայթեցուցին, իսկ մնացեալ երեքը սպաննուեցան ոստիկանութեան հետ ժամեր տեւած բախումի մը ընթացքին:

Արձանագրուեցան 20 վիրաւորներ, որոնց շարքին` 5 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ շարք մը օտարահպատակներ, ներառեալ` հոլանտացի մը:

Քաղաքային զոհերէն մէկը քանատացի էր, իսկ միւսը` ինտոնեզիացի:

ՏԱՀԵՇ համացանցի վրայ յայտարարութիւն մը տարածելով ստանձնեց յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ անիկա գործադրուած է «Խալիֆայութեան զինուորներուն» կողմէ` ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ը թիրախ դարձնող «Խաչակիրներու դաշինքի քաղաքացիներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.