(Ռատիօ Վատիկան) Առաքելական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը, հինգշաբթի 14 յունուար 2016-ին, հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ տեղեկացուց, թէ աղքատներուն, տնազուրկներուն, գաղթականներուն ու խումբ մը բանտարկեալներուն համար հնարաւորութիւն ընծայուած է հինգշաբթի, 14 յունուար յետմիջօրէին մասնակցելու Հռոմի մէջ կայացած ''Rony Roller'' կոչուած կրկէսային հանդէսին, որուն բացումը պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած երգով մը, եւ որուն հեղինակն է Սպանացի անօճախ արուեստագէտ մը՝ որպէս շնորհակալութիւն Սրբազան Հօր նման ձեռնարկով իր թիկունքն ու մօտիկութեան ցուցաբերած ըլլալուն համար։
All the contents on this site are copyrighted ©. |