2016-01-14 09:56:00

Թուրքիան խախտած է Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի 11-րդ յօդուածը


Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը դատապարտած է Թուրքիան քրտական Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան փակման հարցով յարուցուած դատական գործին մէջ:

Մարդկային իրաւանց դատարանը վճռած է, որ քրտական կուսակցութեան իրաւունքները խախտած Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է 74 հազար 500 եւրոյի նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարել Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան:

Կը նշուի, որ թրքական կառավարութիւնը խախտած է Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի 11-րդ յօդուածը` Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան կազմակերպուելու ազատութեան իրաւունքը, եւ այդ ձեւով փորձ կատարած է ջնջելու կուսակցութեան համանախագահներ Ահմեթ Թուրքի եւ Այսել Թուղլուքի երեսփոխանական լիազօրութիւնները:

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին վճիռով Թուրքիան պէտք է Թուրքին եւ Թուղլուքին 30-ական հազար եւրօ, իսկ Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան անդամ Ահմեթ Ային 7,5 հազար եւրօ հատուցում կատարէ եւ վճարէ դատարանի ծախսերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.