2016-01-13 10:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2016 տարուան յունուար - փետրուար ամիսներու գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Յունուար – Փետրուար ամսուայ գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը

Երկուշաբթի, 25 յունուար 2016-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին առթիւ,  Ֆրանչիսկոս Պապ` Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին, կը գլխաւորէ ժամասացութեան համամիութենական արարողութիւնը։

Երեքշաբթի, 2 փետրուարին, Յիսուսի Տաճար ընծայման եւ  Կրօնաւորական կեանքի համաշխարհային 20-րդ  զոյգ տօներու առթիւ, յետմիջօրէին ժամը 5-30-ին, Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին փակումը կը կատարէ նաեւ կրօնաւորական կեանքի նուիրուած տարուան։

Չորեքշաբթի, 10 փետրուարին, օր մոխրոց է,  յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ մոխիրի օրհնութեան արարողութիւնը որուն ընթացքին, Ողորմութեան Սուրբ տարուայ առթիւ, Նորին Սրբութիւնը կը կատարէ նաեւ Ողորմութեան  միսիոնարներու առաքումը ։  

12-18 փետրուար 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Միջազգային առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Մեքիսքօ։

Իսկ Մեքսիքողէն վերադարձին`Երկուշաբթի, 22 փետրուարին, Սուրբ Պետրոսի գահի տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը 10.00ին­ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՝՝Հռոմի Քուրիայի – Վատիկանի  վերին իշխանութեան ՝՝ անդամները նշելով Հռոմի Քուրիայի ողորմութեան յոբելեանը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.