2016-01-13 09:43:00

Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւն


Պոլսոյ Սուլթանահմեթ շրջանին մէջ երեքշաբթի,12 յուլիսին տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 10 զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը` գերմանացի զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ 15 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը դարձեալ գերմանացի զբօսաշրջիկներ էին:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք ճշդած են, թէ յարձակումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ օտարերկրացի մըն է: Ան խոստացաւ բացայայտել եւ պատժել անոր գործակիցները, ինչպէս նաեւ շարունակել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:

Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան «շրջանին մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն գլխաւոր թիրախն է»` աւելցնելով, որ իր երկիրը «հաւասարապէս անոնց բոլորին դէմ կը պայքարի»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին նշեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակը 1988-ի ծնունդ սուրիացի մըն է եւ անոր ունեցած կապերուն շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Ան նշեց, որ գործողութեան հեղինակը Թուրքիոյ հսկողութեան ենթակայ անձերու ցանկին վրայ չէր եւ կը կարծուի, որ վերջերս Սուրիայէն մուտք գործած է Թուրքիա:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «լուրջ մտահոգութիւն» յայտնեց` նշելով, որ գերմանացի զբօսաշրջիկներու խումբ մը վնասներ կրած է: Ան աւելցուց. «Այսօր Պոլիսը հարուածուեցաւ, Փարիզը հարուածուած է, Թունուզը հարուածուած է, Անգարա նախապէս հարուածուած էր: Միջազգային ահաբեկչութիւնը այսօր անգամ մը եւս իր բիրտ ու անմարդկային երեսը ցոյց կու տայ»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլիս գտնուող գերմանացի զբօսաշրջիկներուն յորդորեց բազմամարդ վայրերէն եւ զբօսաշրջական վայրերէն հեռու մնալ` զգուշացնելով, որ Թուրքիոյ տարածքին յաւելեալ բիրտ բախումներ եւ «ահաբեկչական յարձակումներ» նախատեսուած են:

Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ նորվեկիացի մը հիւանդանոցին մը մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` նշելով, որ Իրան Թուրքիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան կողքին կը կանգնի ընդդէմ ահաբեկչութեան` աւելցնելով միաժամանակ, որ այդ պայթումը ահաբեկչութեան դէմ շրջանային համակարգումի կարեւորութիւնը կը փաստէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.