2016-01-13 10:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Հոգէառը բարեկամ Չունի
Ամէն մարդ, ոեւէ տարիքին, կը վախնայ կեանքի վախճանէն։ 
Ընդհանրապէս այն կարծիքը գերակշռող է, թէ տարեցները արդէն իսկ ապրած ըլլալով իրենց կեանքին մեծ մասը, միշտ պատրաստ կ՛ըլլան մահուան կոչին: Սակայն, երիտասարդներու մասին ալ այն կարծիքը տարածում գտած է, թէ անոնք ալ կեանքի արժէքին լաւ ծանօթութիւն չունենալով, վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց անձը: Ուրիշ խօսքով իրենց աչքերուն մէջ մահուան երկիւղը չկայ: Իրենց խիզախ յաղթանակներուն պատճառով, երիտասարդ շա՜տ զինուորներ կը պարգեւատրուին կրծքամետալներով, իսկ անոնցմէ ոմանք ալ նոյն պատիւներուն կ՛արժանանան իրենց կեանքը զոհելէ ետք:
Հոգեվարքի մէջ եղող ծերունիներէն ոմանց մօտ ալ մահէն վախնալու զգացում կայ սակայն ՜՜ինչի՞ վախ է այդ՝՝: Որպէս բացատրութիւն կրնանք տալ թէ.  ՜՜կեանքը քաղցր է՝՝ ուրիշներու համար ՜՜ ենթական իր ստացուածքէն կամ հարստութենէն չի՛ կրնար այդքան հեշտ բաժնուիլ՝՝ իսկ աւելի խոր վերլուծողներ կը բացատրեն այդ վախի կացութիւնը այն գաղափարով, թէ մարդու սիրտին խորը անմահութեան ձգտումը ցանուած է նոյնինքն Արարիչին կողմէ, եւ մահուան սնարին մէջ պայքար մըն է, որ ծայր կ՛առնէ կեանքի եւ մահուան միջեւ, երբ, ի վերջոյ, կեանքը կը պարտուի, իսկ մահը իր նոր «ստեղծագործութիւն»ը կը կատարէ, ոգեղէն նոր վիճակ մը շնորհելով ենթակային:
Բոլոր կրօններն ալ կեանքի վախճանի եւ դէպի մահ երթալու «սկզբունքը» կ՛ընդունին: Անշուշտ իւրաքանչիւրը իր ըմբռնած ձեւով կը մօտենայ այս խնդիրին, եւ ըստ այնմ ալ կը հիմնաւորէ իր տեսակէտը: Մահէն ետք բացուող կեանքի մասին ալ կրօններուն տեսակէտները կը տարբերին իրարմէ, միաստուածեան կրօններուն եւ միւս կրօններուն միջեւ հսկայական բացեր ստեղծելով: 
Արթնութեան կոչերուն ամէնէն ազդու օրինակները քրիստոնէական կրօնքին միջոցաւ տրուած են մարդկութեան: Օրինակ, Յիսուսի ուսուցումներուն մէջ Աղքատ Ղազարոսին առակը, մահէն ետք սկսող կեանքի մասին տրուած ամէնէն յստակ օրինակն է: Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդոց վիճակը մահէն ետք, մեզի օրինակով կը տրուի այնտեղ: Եթէ առակին մէջ օգտագործուած անունները կը դժուարացնեն մեզի հասկնալ այդ առակը, պարզապէս կրնանք այդտեղ գործածուած անուններուն փոխարէն մե՛ր անունները դնել: Ահա այսպէս աւելի լա՛ւ կը հասկնանք պատմուած առակը…
Կեանքով ծանրաբեռն ալեհեր բարեկամս կ՛ըսէր.
_ Հոգէառը բարեկամ չունի՛, տղա՛ս:
Ան կը պատմէր բարոյալից այն պատմուածքը, ուր կ՛ըսուի թէ սովորական մահկանացու մը կը յաջողի հոգէառին հետ մտերմանալ: Այնքան մտերմութիւն կը ստեղծուի անոնց միջեւ, որ մարդը կը խորհի, թէ այս մտերմութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ, որ հոգէառը «տարբեր աչքով» նայի իրեն, գէթ ուշացնէ կամ տեղեկացնէ իր այս աշխարհէն մեկնումի օրն ու ժամը: Սակայն կը պատահի ճի՛շդ հակառակը: Հոգէառը մտերմական  առանձնազրոյցի մը պահուն, ձեռքէն բռնելով կը սկսի քաշքշելու դէպի մահուան անդունդը:Մարդը՝ շատ զարմացած, նոյնիսկ վրդովուած կը սկսի իրենց բարեկամութեան, ընկերութեան ու մտերմութեան օրերէն պատմելու, հոգէառը անդրդուելի կը մնայ եւ օրինակներով կ՛ապացուցէ, թէ ինք բազմաթի՜ւ առիթներով զգուշացուցած էր զինք: 
«Անցեալ ամիս - կ՝ըսէ ան- հօրեղբօրդ տղան տարի ինծի հետ, անցեալ շաբաթ ձեզի հետ աշխատող բանուորին տունը այցելեցի ու անոր ընկերացայ, իսկ երէկ տակաւին, ձեր վերի դրացին ինծի հետ մեկնեցաւ այս շէնքէն. այսքան զգուշացումներս չհասկցա՞ր միթէ…»:
Ինչ որ ուրիշին կը պատահի այս կեանքին մէջ, մեզի այնպէս կը թուի, թէ մեզմէ շա՜տ հեռու է: Սակայն բնա՛ւ հեռու չէ: Մանաւանդ մահը մեզի շատ մօտիկ կանգնած աւազակ մըն է, որ յանկարծ կրնայ հասնիլ ու գողնալ մեր ամէնէն թանկագին հարստութիւնը՝ ՜՜մեր կեանքը՝՝:
Նոյնիսկ  անասունները, երբ քանի մը քայլ անդին կը տեսնեն թէ այլ անասուն մը ( կով մը կամ ոչխար մը) կը մորթուի… կը սարսափին ու կը զգան թէ իրենք ալ նոյն վախճանին մօտ են…Եթէ անասունը գիտէ մահէն վախնալ, մարդը վաղո՜ւց պէտք է նախազգուշացման կարիք չունենայ, այլ՝  ՜՜իր կեանքը կարգաւորէ այդ վախին դէմ՝՝:
Հոգէառը բարեկամ չունի՛, այո՛: Այդ չի՛ նշանակեր, թէ ան անգութ ու վատ մէկն է: Այլ՝ իր պարտականութեան գիտակից, ու նոյնիսկ դժուարին գործի մը գլուխը կանգնած «պաշտօնեայ» մըն է: Ինք ի՞նչ յանցանք ունի, եթէ իր կատարած նախազգուշացման կոչերը մե՛նք չենք հասկցած: 
Ուրեմն, անոր հետ բարեկամութեամբ ժամավաճառ չըլլանք, այլ մեր կեանքին մնացած օրերը տնօրինենք ՜՜Աստուծոյ պատուէրներուն՝՝ համաձայն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.