2016-01-13 12:08:00

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը:


Ըստ Qahana.am-ի՝ հրէական օրէնքով, ծննդեան 8-րդ օրը Յիսուս, ինչպէս նորածին իւրաքանչիւր արու զաւակ, թլփատուած է եւ անուանակոչուած: Այդ մասին կը վկայէ Ղուկաս աւետարանիչը. «Եւ երբ ութ օրերը լրացան, եւ ան թլփատուեցաւ, անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, ինչպէս հրեշտակի կողմէն կոչուած էր, երբ դեռ չէր յղացուած մօր որովայնին մէջ» (Ղուկ. 2:21): Յիսուս կը նշանակէ Փրկիչ:

Գաբրիէլ հրեշտակը, Աստուածամօր աւետելով Աստուծոյ Որդիի ծննդեան մասին, նշած է, որ մանկան անունը Յիսուս պիտի դնէք: Այս մասին կրկին կը վկայէ նոյն աւետարանիչը. «Եւ ահա դուն պիտի յղանաս եւ պիտի ծնիս որդի եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես» (Ղուկ. 1:31): Յիսուս անուան զուգահեռ Փրկիչին կը տրուի նաեւ Քրիստոս անունը: Անիկա յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ Օծեալ եւ կը համապատասխանէ եբրայերէնի Մեսիային:

Փրկիչի անուանակոչութեան տօնին հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ նախորդ օրը՝ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին՝ կը կատարուի նախատօնակի արարողութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.