2016-01-13 12:18:00

Աշխարհի մէջ գաղթականներու թիւը հասած է 244 միլիոնի


Վերջին 15 տարուան ընթացքին աշխարհի վրայ գաղթականներուն թիւը աւելցած է 41 տոկոսով եւ 2015 թուականին հասած 244 միլիոնի: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս տուեալները տարածած է ՄԱԿ-ը` նշելելով, որ այդ թիւին մէջ կը մտնեն գրեթէ 20 միլիոն փախստականներ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի` տնտեսական եւ հասարակական հարցերով տեղակալ Ու Հոնպոյի կարծիքով` կտրուկ աճը «կ՝արտացոլէ միջազգային գաղթականութեան աւելի ու աւելի մեծ կարեւորութիւնը, որ դարձած է մեր տնտեսութեան եւ հասարակութեան անբաժանելի մասը»: «Լաւ կառավարուող գաղթականներու հոսքերը հսկայական օգուտ կը բերեն երկիրներուն, ինչպէս նաեւ նոյնինքն գաղթականներուն ու անոնց ընտանիքներուն»,- նշած է ան:

ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն` միջազգային գաղթականներու թիւը կը գերազանցէ աշխարհի բնակչութեան աճի ընթացքը: Իբրեւ արդիւնք՝ մոլորակի բնակիչներու ընդհանուր թիւին մէջ գաղթականներուն բաժինը 2015 թուականին հասած է 3,3 տոկոսի` 2000 թուականի 2,8 տոկոսին դիմաց: Ընդսմին Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ովկիանիայի երկիրներուն մէջ միջազգային գաղթականներուն բաժինը կը կազմէ բնակչութեան ընդհանուր թիւին առնուազն 10 տոկոսը: Ըստ TASS լրատուական գործակալութեան՝ Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ այդ ցուցանիշը 2 տոկոսէն պակաս է։








All the contents on this site are copyrighted ©.