2016-01-12 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 յունուարի քարոզը ''Հաւատացեալներու աղօթքն է որ կը փոխէ եկեղեցին''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 12 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը  կեդրոնացուց լռելեան աղօթքի վրայ, օրինակ բերելով  Սուրբ Գրային  ընթերցումէն քաղուած Աննայի՝  ամուլ կնոջ,  Աստուծոյ բարձրացուցած աղօթքը՝ զաւակ մը ունենալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով  Աննայի՝  արցունքով եւ հաւատքով լի կատարուած  լռելեան աղօթքին, որուն ձայնը հասանելի չէր ոչ մէկուն  ըսաւ  ''Այս է կնոջ մը քաջութիւնը, որ արցունքով , վիշտով Տիրոջմէ շնորհք մը  կը հայցէ։ Եկեղեցւոյ մէջ քանի բարի կիներ կան որոնք պաղատանքով կ՝աղօթեն։ Յիսուս եւս  այսպէս  աղօթեց Ձիթենեաց պարտէզին մէջ երբ անձկութեան ու ցաւի մէջ`  Աստուծոյ իր Հօրմէ խնդրեց, որ հեռացնէ իրմէ այդ ծանր բաժակը ապա յօժարակամ  ընդունեց` ''Հայր Քու կամքդ թող ըլլայ''։

Շատ անգամ մենք եւս կ՛աղօթենք սակայն՝ յաճախ չենք գիտեր այդ աղօթքը կատարել արցունքով ու պաղատանքով, Անորմէ հայցելով շնորհքը ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց թէ աղօթքը՝ հրաշքներ կը գործէ։ Հրաշքներ կը գործէ նաեւ անոնց որոնք կորսնցուցած են անձնուիրական գթութիւնը` ըլլան անոնք   քրիստոնեաներ ,աշխարհական հաւատացեալներ քահանաներ եւ կամ  եպիսկոպոսներ։ Հաւատացեալներու աղօթքը եկեղեցին կը փոխէ, քահանայապետերը, եպիսկոպոսները, քահանաները կամ մայրապետները  չեն որ յառաջ կը տանին Եկեղեցին, այլ սուրբերը։ Եւ սուրբերը անոնք են որոնք քաջութիւնն ունին հաւատալու թէ Աստուած Տէրն եւ թէ ամէն բան կարող է ընել։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.