2016-01-12 12:45:00

Վերջ այն եկեղեցւոյ որ կը դատէ


         Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը` գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 2015-ի Հոկտեմբերին նոր էջ մը բացաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, որովհետեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը քննարկելով ժամանակակից քրիստոնեայ ընտանիքին հայող խնդիրները` ինչպիսին են մասնաւորաբար ամուսնալուծումները,  ամուսնալուծուած եւ վերամուսնացած զոյգերու պարագան, կրցաւ որոշ եզրակացութեան  մը յանգիլ հաւատացեալները մտատանջող այդ խնդիրներուն շուրջ:

         Արդարեւ, շնորհիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յորդորներուն,  Եկեղեցին անխառն հաւատքով հաստատեց  Քրիստոսի Եկեղեցւոյ ողորմածութիւնը եւ դատելու պարտականութեան չափանիշները:

         Վերամուսնացած զոյգերու պարագան` Վատիկանին եւ Սուրբ Աթոռին համար եղաւ ամէնէն աւելի վիճարկուած եւ հրատապ  հարցը` սիւնհոդոսական հայրերու եւ զանազան եկեղեցիներու կողմէ  քննադատութիւններ եւ հարցադրումներ կատարուած ըլլալով:

         Լեհ եւ ափրիկեցի եպիսկոպոսները յայտնեցին իրենց մտավախութիւնները եւ ընդդիմութիւնը հարցին ողորմածութեամբ մօտելու գաղափարին,  այն մտավախութեամբ որ այսպիսի մօտեցում մը` դիւրացնելով  քրիստոնեայ ընտանիքին բաժանումը,  կրնայ վտանգել Եկեղեցւոյ դիրքը ընդհանրապէս եւ  մասնաւորաբար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ամուսնութիւն հասկացողութիւնը :

         Սակայն, ուրիշ եպիսկոպոսներ ուզեցին ամուսնական դժուարութիւններու մէջ գտնուող զոյգերուն գնահատութիւնը կատարել տարբեր չափանիշներով, որդեգրելով զանոնք հաշտութեան եւ համերաշխութեան շնորհքի ճամբուն մէջ դնող քայլեր:

         Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ որ Եկեղեցին նզովքներ չի բաժներ, այլ կը հռչակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը, հակառակ անոնց որոնք կը փորձեն Աւետարանը դարձնել ուրիշները հարուածելու սահմանուած «անշունչ քարեր»:

         Անշուշտ կարելի չեղաւ համակողմանի լուծումներ գտնել ընտանիքին սպառնացող  բոլոր դժուարութիւններուն ու կասկածներուն, սակայն ասոնք դրուեցան հաւատքի լուսարձակին տակ եւ դիմագրաւուեցան առանց վախի եւ առանց մեր գլուխներու աւազախրումին:

         Այսպէս, պելճիքացի եպիսկոպոս մը կը յայտարարէր թէ Եկեղեցւոյ համար այլեւս մարդիկը դատելու հարց չի կրնար ըլլալ, այլ կը գտնուինք Եկեղեցւոյ մը առջեւ որ մտիկ կ՛ընէ ու կը զրուցէ խանդաղատանքով:  Այս հոգիով ալ այսօր կրնանք ըսել թէ ընտանիքին հայող խնդիրներուն Եկեղեցւոյ մօտեցումը հիմնուած է միայն սիրոյ եւ ներողամտութեան վրայ:

         Անտրէ Փօլ, ֆրանսացի աստուածաբանը,  Սիւնհոդոսէն առաջ  կը գրէր թէ  քրիստոնեայ ընտանիքը այլեւս կորսուած է եւ գոյութիւն չունի: Ան կ՛ակնկալէր որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատը դնէ ընտանիքին վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ եւ որոշ ողորմածութիւն տրուի դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն:

         Այս բոլոր մտահոգութիւններուն ի տես, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եկաւ բոլոր պարագաներուն տակ զգուշացնելու  վարդապետութեան ետին թաքնուելու փորձութենէն:

         Յամենայնդէպս,  Սիւնհոդոսը ցոյց տուաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կուսունակութիւնը` խիղճերը շարժելու համար աշխուժօրէն եւ անկեղծութեամբ վիճաբանելով ընտանիքի եւ զայն յուզող խնդիրներու մասին:

         Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետներուն Համախմբումը վկայեց բոլորին թէ Եկեղեցին կը մնայ մայրը իւրաքանչիւր հաւատացեալին եւ Եկեղեցւոյ համար Աւետարանը կը մնայ յաւերժական սկզբնաղբիւրը ամէն նախաձեռնութեան:  Եկեղեցին վերահաստատեց իր մօտիկութիւնը աղքատին ու տկարին, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն որոնք ապաշխարութեան կը ձգտին:

         Սբ. Յովսէփի եւ Մարիամի ընտանիքը  իր  հաւատքով, սիրով եւ միութեամբ միշտ օրինակ է քրիստոնեայ ընտանիքին: Մեզի կը մնայ պաշտպանել սուրբ ընտանիքը որ օրհնուած է Աստուծոյ կողմէ:

         Ընտանիքը Աստուծոյ հայելին է, որուն մէջ նայելով կը կատարուին ամենագեղեցիկ երկու հրաշքները` նոր կեանքի ստեղծագործութեան հրաշքը եւ սիրոյ ներշնչման հրաշքը ,- կ՛ըսէ ֆրանսացի գրող Տիտիէ Տէքուան: Այսինքն Աստուծոյ ամէնէն գեղեցիկ շնորհքները եւ հրաշքները կը տեսնենք սուրբ եւ միացած ընտանիքին մէջ:

         Մեզի կը մնայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ աշխատիլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ժամանակակից մարդուն   քարոզելու Աւետարանը, ուր Աստուած մեր մարդկային հաշիւներէն անդին կ՛երթայ, որովհետեւ իր փափաքն է որ բոլոր մարդիկ քալեն Աստուծոյ փրկչագործութեան ճանապարհէն:

        

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.