2016-01-12 12:31:00

Հզօր պայթում Սթամպուլի կեդրոնին մէջ։


Հզօր պայթիւն մը որոտացած է Սթամպուլի կեդրոնին` Սուլթանահմեդ թաղամասին մէջ, կը յայտնեն թրքական լրարուամիջոցներ: Քաղաքի իշխանութիւնները առ այժմ յայտնած են 10 զոհի եւ 15 վիրաւորի մասին:

Ըստ տեղի լրատուամիջոցներու, տուժածներուն մէջ կան նաեւ զբօսաշրջիկներ Գերմանիայէն:

Սուլթանահմեդ թաղամասը հարուստ է տեսարժան վայրերով, հոն կը գտնուին նաեւ Այա Սոֆիան եւ Երկնագոյն մզկիթը:

Տեղի ունեցած պայթիւնը Սթամպուլի կեդրոնին մէջ ահաբեկչական գործողութեան հետեւանք է: Ըստ տեղի լրատուամիջոցներու, ահաբեկիչը ինքզինք պայթեցուցած է խումբ մը օտար զբօսաշրջիկներէն ոչ շատ հեռու:

Ոստիկանութիւնը շրջափակած է քաղաքի պատմական թաղամասը: Պատահարի վայրին մէջ կը գտնուին ոստիկաններ, շտապօգնութեան մեքենաներ ու հրշէջներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.