2016-01-12 14:39:00

Գերապայծառ Ասատուրեան''Ռրպէս հոգեւորականներ ծառայելու ենք մեր ազգի տարեցներուն''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 12 յունուարին, Ամանորի եւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան ու Յայտնութեան տօներու առթիւ,  Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարեսիրական ճաշկերոյթ հովանաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայկական բարեգործական միութիւններուն, ներկայութեամբ  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Շահէ Եպս. Փանոսեանի,  Կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս` արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասաստուրեանի եւ վերապատուելի Սողոմոն Քիլաղպեանի։

Տօնական եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող, աւելի քան 250 հայ մայրիկներու  ու հայրիկներուն  ճաշկերոյթին, Կաթողիկէ հայոց  Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասաստուրեան իր սիրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն  անդրադարձաւ այդ պահուն ապրուած ուրախութեան մատնանշելով   թէ այդ  հարստութիւնը կը համառօտէ մեր ներկայութեան նպատակը։ Հայերը միշտ միացած են բարիին շուրջ։ Տարիներէ ի վեր, նամանաւանդ Լիբանանի պատերազմի օրերուն, Հայը միշտ թիկունք կանգնած է տկարին ու հիւանդին – ըսաւ գերապայծառ Ասատուրեան եւ աւելցուց` ''Մենք՝ որպէս հոգեւորականներ եւ բարեգործական բարեկամներ, ստիպուած ենք ձեզի ծառայելու` մինչ դուք ձեր կարգին  պարտականութիւնն ունիք  մեզի համար աղօթելու եւ աղօթելու բարեգործական մարմնի անդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.