2016-01-12 10:14:00

''Աստուծոյ անունը ողորմութիւն է'' գիրքի օրինակը յանձնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 12 Յունուար 2016-ին, 86 երկիրներու մէջ, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Իտալական ''Լա Սթամփա'' թերթի լրագրող` Անտրէա Թորնիելլի հետ ունեցած հարցազրոյցէն քաղուած` ''Աստուծոյ անունը ողորմութիւն է'' վերտառութեամբ գիրքը, որուն առաջին օրինակը`  11 Յունուար 2016-ի յետմիջօրէին, յանձնուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ։

Յայտնենք թէ գիրքին կողքին վրայ զետեղուած տիտղոսը ձեռագիրն է Ֆրանչիսկոս Պապին։

Վերոնշեալ հանդիպումին ներկայ էին, բացի լրագրող Թորնիելլիէն, Մոնտատորի հրատարակչատան տնտեսական խորհուրդը գլխաւորութեամբ հրատարակչատան նախագահ` Մարինա Պերլուսոքնիի, ինչպէս նաեւ Վատիկանի հրատարակչատան տնօրէն` գերապայծառ Ճուզեփփէ Քոսթա, Իտալացի յայտնի դերասան Ռոպերթօ Պենինյի եւ Փատովայի մէջ բանտարկեալ` Զանկ Ակոսթինօ Եանքինկ որ 2015-ի ապրիլին ընդունած էր մկրտութեան, դրոշմի եւ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդները։

''Աստուծոյ անունը ողորմութիւն է'' գիրքի պաշտօնական ներկայացումը կայացաւ 12 յունուար 2016-ին, Վատիկանի հրատարակչատան տնօրէն` Հայր Ճուզէփփէ Քոսթայի, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի, Իտալացի անուանի դերասան Ոոպերթօ Պէնինյիի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի միջամտութիւններով։

Առաջին անգամուան համար Ֆրանչիսկոս Պապ` իր ստորագրութիւնը կրող հարցազրոյցի մը միջոցաւ խօսքը կ՛ուղղէ մոլորակի ամէն մէկ այր մարդու ու կնոջ, դիմագրաւելով ողորմութեան նիւթը` որ կեդրոնը կը հանդիսանայ իր վարդապետութեան եւ իր մարդկային անձնական փորձառութեան` որպէս քահանայ եւ որպէս հովիւ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.