2016-01-11 12:08:00

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն - Ե. Օր Յայտնութեան


Եբրայեցիներու ուղղած նամակին մէջ, Սուրբ Պօղոս Առաքեալ բաղդատութիւն կ՛ընէ հրեայ ժողովուրդի եւ քրիստոսի հեւողներուն միջեւ։ Հրեայ ժողովուրդը անապատին մէջ ապրած էր Աստուծոյ յայտնութիւնը բնութեան ահարկու ոյժերու միջոցաւ՝ ահ ու սարսափով. մինչ քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի կամ Նոր Ուխտի  միջոցաւ բոլորովին նոր յարաբերութիւն մը ունին Աստուծոյ հետ։ Նոր Կտակարանի ժողովուրդը, քրիստոնեայ ժողովուրդը այլեւս կապուած չէ սուրբ քաղաք Երուսաղէմին, այլ անոր հայրենիքը երկնաւոր Երուսաղէմն է, ուր հրեշտակներն ու սուրբերը կը գտնուին։ Քրիստոսի հետեւող ժողովուրդը կը գտնուի Աստուծոյ՝ արդար դատաւորին առջեւ, փրկուած Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեամբ։

Սուրբ Պօղոս կը գրէ՝ «Այլ դուք Սիոն լերան մօտեցած էք, կենդանի Աստուծոյ քաղաքին՝ երկնաւոր Երուսաղէմի, հրեշտակներու բիւրաւոր բանակներուն, երկնքի մէջ գրառուած անդրանիկներու հասարակութեան, եւ բոլորի դատաւորին՝ Աստուծոյ, եւ արդարներու հոգիներուն, որոնք կատարելութեան հասած են. մօտեցած էք Նոր Կտակարանի միջնորդին՝ Յիսուսի, եւ անոր հեղած արեան, որ աւելի խօսուն է քան Աբէլի արիւնը։ Ուրեմն զգոյշ եղէք, որ չմերժէք զայն, որ ձեզի խօսեցաւ։ Որովհետեւ, եթէ նոյնիսկ անոնք չկրցան պրծիլ, մերժելով զայն, որ երկրի վրայ հրահանգներ կու տար, որքա՞ն առաւել եւս մենք՝ եթէ երկնաւորին կռնակ դարձնենք։» (Եբր. ԺԲ. 22-25)

Հրեայ ժողովուրդը կը մերժէր Մովսէսի պատգամները, կ՛ընդվզէր անոնց դէմ։ Ասոր հետեւանքով անոնք կ՛արժանանային պատիժ ու պատուհասի։ Իսկ քրիստոնեաները, որոնք ընդունած են պատգամը ուղղակի Քրիստոսէ՝առաւել եւս պատասխանատու պիտի ըլլան իրենց արարքներուն համար. առաւել եւս ծանր կը կշռէ անոնց մերժումը։

Հին Կտակարանի մէջ Աստուած կը խօսէր մարգարէներուն եւ որոշ ընտրեալներու։ Ապա անոնք Աստուծոյ կամքը կը փոխանցէին ժողովուրդին։ Ժողովուրդը երբեմն չէր հաւատար անոնց վկայութեան։ Քրիստոնեային համար, որ մկրտուած է յանուն Սրբոյ Երրորդութեան, փրկուած Յիսուս Քրիստոսի արեամբ, ընդունած Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները՝ սուրբ Խորհուրդներու միջոցաւ՝ Աստուծոյ պատգամաւորը մէկ է – Յիսուս Քրիստոս, ինքնին Աստուած՝ Աստուծոյ Որդի։ Հին Կտակարանի մէջ Աստուծոյ մասին վկայութիւն տուողները մարգարէներն էին։ Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ Աստուծոյ վկան ինքնին Քրիստոս է։

Վկայութեան, վկայութիւն տալու, վկայելու արարքը կամ պարտականութիւնը Սուրբ Գրքի կարեւոր նիւթերէն մին է։ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը կը հիմնուի առաքեալներու վկայութեան վրայ։ Պէտք է նկատի առնել, որ առաքեալները իրենք զիրենք Յիսուսի յարութեան վկաները կը նկատէին։ Անոնք իրենց քարոզութեան մէջ ստէպ կը նշեն՝ թէ իրենք վկայ եղած են Յիսուսի հրաշքներուն, Անոր մահուան եւ յարութեան, հետեւաբար իրենց պատմածը, իրենց վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ արժանահաւատ։ Դէպքի մը ականատես ըլլալը, եւ զայն առարկայօրէն պատմելը կամ աւանդելը վկայութիւնն էր։

Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ Սուրբ Յովհաննէս կը գրէ՝ «Ոչ ոք զԱստուած տեսած է, այլ միայն Միածին Որդին, որ Հօր ծոցէն կու գայ՝ Ան պատմեց մեզի։» Արդ, միայն Յիսուս կրնայ մեզի յայտնել զԱստուած ճշմարտութեամբ, վաւերականութեամբ եւ հեղինակութեամբ։ Հրեաները կը զարմանային Անոր հեղինակաւոր վարդապետութեան վրայ՝ «Եւ զարմանային ընդ վարդապետութիւնն նորա, զի իշխանութեամբ էր բանն նորա։» (Ղուկ Դ. 32, հմմտ. Մրկ Ա. 22) «Եւ բազումք իբրեւ լսէին՝ զարմանային ընդ վարդապետութիւն նորա, եւ ասէին. Ուստի՞  է սմա այս կամ զի՞նչ է իմաստութիւնս որ տուեալ է սմա. զի զօրութիւնք այսպիսիք ի ձեռաց սորա լինիցին։» (Մրկ Զ. 2, հմմտ. Մտթ ԺԳ. 54)

Այսօրուան Սուրբ Աւետարանին մէջ, Աստուածյայտնութեան այս օրերուն, կը յիշուի նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչի վկայութիւնը։ Երբ հրեաները Յովհաննէսի հարց կու տան՝ թէ արդեօք ի՛նքն է Քրիստոսը, ան կը խոստովանի, թէ ինք չէ՝ «խոստովան եղեւ՝ եւ ոչ ուրացաւ. եւ խոստովան եղեւ եթէ ես՝ ոչ եմ Քրիստոսն։ Ես՝ մկրտեմ զձեզ ջրով. ի միջի ձերում կայ զոր դուքն ոչ գիտէք։ Որ զկնի իմ գալոցն է, որում չեմն արժանի՝ եթէ լուծից զխրացս կօշկաց նորա։» (Յովհ Ա. 18-28)

Յովհաննէս Առաքեալ իր Աւետարանին մէջ ստէպ կը նշէ վկայութեան էական արժէքին, յիշատակելով ինքնին Յիսուսի խօսքերը՝ «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, մենք կը խօսինք այն՝ ինչ որ գիտենք, եւ կը վկայենք այն՝ ինչ որ տեսանք։» (Յովհ Գ. 11) «Այն որ երկնքէն կու գայ, կը վկայէ այդ՝ ինչ որ տեսաւ եւ լսեց։» (Յովհ Գ. 32) «Եթէ ես կը վկայեմ իմ մասիս, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։ Սակայն կայ մէկը, որ կը վկայէ իմ մասիս. եւ դուք գիտէք թէ ճշմարիտ է վկայութիւնը անոր, որ իմ մասիս վկայեց։ Դուք մարդ ուղարկեցիք Յովհաննէսին, եւ ան ճշմարտութիւնը վկայեց։» (Յովհ Ե. 31) «Փարիսեցիները անոր ըսին. դուն քու անձիդ մասին կը վկայես. քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ։ Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ՝ թէպէտ ես կը վկայեմ իմ անձիս մասին՝ իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, որովհետեւ գիտեմ թէ որտեղէն եկայ եւ ուր կ՛երթամ ... Ձեր օրէնքին մէջ իսկ գրուած է, թէ երկու մարդոց վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Ես իմ անձիս մասին կը վկայեմ, ինչպէս նաեւ Հայրը, որ զիս առաքեց կը վկայէ իմ մասիս։» (Յովհ Ը. 13 եւն.)

Եւ վերջապէս Յովհաննէս Աւետարանիչ իր անձի մասին կը գրէ՝ «Այս աշկերտն է, որ կը վկայէ այս բաներու մասին. եւ ան է որ գրեց այս բաները. եւ գիտենք, որ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։» (Յովհ ԻԱ. 24)

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է իր կեանքով եւ իր խօսքով ըլլալ վկայ՝ Սուրբ Աւետարանին։ Վկայութիւնը ճշմարիտ է, երբ մեր արարքները, մեր խօսքն ու գործը կը համապատասխանեն Աւետարանի ճշմարտութեան եւ ուսուցման։ Յիսուս իր առաքեալները ուղարկեց աշխարհի չորս կողմերը, աւետարանելու բոլոր ժողովուրդներուն։ Այսօր մե՛ր պարտականութիւնն է կատարել այդ առաքելութիւնը՝ մեր շրջանակներէն ներս՝ ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որ մարդիկ ճանչնան Քրիստոս՝ ճանապարհ եւ յոյս, ճշմարտութիւն եւ լոյս, կեանք եւ յարութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.