2016-01-11 12:12:00

՝՝Աստուծոյ անունը Ողորմութիւն է՝՝ վերտառութեամբ գիրքի ներկայացում


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 12 յունուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11-00ին, Հռոմի Օգոստինեան հայրաբանութեան համալսարանին մէջ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, տեղի կ՝ունենայ  Ֆրանչիսկոս Պապի` Իտալացի անուանի լրագրող` Անտրէա Թորնիելլի հետ Աստուծոյ Ողորմութեան մասին ունեցած զրոյցը ՝  որուն վերնագիրն  է ''Աստուծոյ Անունը Ողորմութիւն է'', նախադասութիւն մը որ գիրքի կողքին վրայ տպագրուած է Ֆրանչիսկոս Պապի ձեռագիրով։

Գիրքի ներկայացման ելոյթ կ՝ունենան Վատիկանի հրատարակչատան տնօրէն՝ Հայր Ժուզէփփէ Քոսթա, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին, Իտալացի անուանի դերասան Ոոպերթօ Պէնինյի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։

՝՝Աստուծոյ անունը Ողորմութիւն է՝՝ գիրքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շօշափէ Ողորմութեան նիւթը որ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ անոր վարդապետութեան եւ ապրած վկայութեան ներքոյ, իր Քահանայական եւ Հովիւի փորձառութեան ընդմէջէն, ապա կը ներկայացնէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ հռչակման որոշումի գլխաւոր պատճառները։

Գիրքին մէջ Անտրէա Թորնիէլլի կը հաստատէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը մարդ մըն է որ կարիքն ունի Աստուծոյ Ողորմութեան։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա լրագրողին  հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծած է թէ, ամօթխածութիւնը շնորհք մըն է, որ մեզի զգալ կու տայ Աստուծոյ Ողորմութիւնը։

Ան ապա հաստատած է թէ Աստուծոյ Ողորմութիւնը անսահման է բաւ է մտաբերել Պետրոսը զոր ուրացաւ Յիսուսը սակայն Տէրը ներեց անոր։ Պետրոս մեղաւոր էր սակայն զղջած ու իր զղջումով արժանացաւ Աստուծոյ ողորմութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ապա Եկեղեցւոյ գոյութեան մասին յայտնած է  թէ եկեղեցին  գոյութիւն  ունի  որպէսզի թոյլ տայ մարդուն` հանդիպելու  Աստուծոյ։ Եկեղեցին կը դատապարտէ մեղքը՝ ճշմատութեան ի սպաս, սակայն միեւնոյն ժամանակ  կը մօտենայ եւ կը ողջագուրէ մեղաւորը, անոր հետ խօսելով Աստուծոյ անսահման ողորմութեան մասին։

Աստուծոյ Ողորմութիւնը հռչակելու համար  Եկեղեցին պէտք է դուրս  գայ՝  եկեղեցիներէն, ժողովրդապետութիւններէն եւ փնտռէ մարդիկը այնտեղ ուր կը բնակին, կը տառապին եւ կը յուսան։

Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ հրատարակուած այս գիրքը լոյս պիտի տեսնէ 12 յունուարին, միաժամանակ աշխարհի 86 երկիրներուն մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.